2016-06-16 10:01:00

Կարդինալ Փարոլինի պաշտօնական այցը Ուկրանիա:


(Ռատիօ Վատիկան)  15- 20 յունիս 2016, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պաշտօնական այցով կը գտնուի Ուկրանիա։

Կարդինալ Փարոլին  Ուկրանիա կեցութեան ընթացքին  նախատեսուած են զանազան պաշտօնական հանդիպումներ­, բարեսիրական կեդրոններու այցելութիւններ եւ կրօնական արարողութիւններ։ Կարդինալ Փարոլինի  16 յունիսի յայտագիրը կը նախատեսէ այցելութիւն Զափորիժա քաղաք ուր հանդիպում կ՛ունենայ գաղթականներուն հետ, ապա հանդիպում` ''Քահանայապետը Ուկնարիոյ համար'' կոմիտէի անդամներուն հետ։ Կարդինալ Փարոլին կէսօրուայ ճաշը կը բաժնեկցի  Ուկրանիոյ լատին եպիսկոպոսներուն հետ, հուսկ հանդիպում քաղաքի կառավարիչին հետ։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ապա հաւացեալներու մասնակցութեամբ կը հանդիսապետէ ողորմութեան աղօթքին որմէ ետք հանդիպում կ՛ունենայ միջ կրօնական խորհուրդի անդամներուն հետ, որուն աւարտին նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս մը։ Երեկոյեան Կարդինալ Փարոլին կ՛այցելէ Քարիթասի ձեռք բերած մէկ ծրագիրը։

17 Յունիսին, Ծիրանաւորին օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 7,30-ին Սուրբ Ալեսսանտրոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագով, որմէ ետք Պետական Քարտուղարը յաջորդաբար հանդիպում կ՛ունենայ Ուկրանիոյ նախագահին, Արտգործ նախարարին ու ազգային ժողովի նախագահին հետ։ Յետմիջօրէին Կարդինալ Փարոլին կ՛այցելէ Յոյն կաթողիկէ համայնքի կեդրոնը ուր եւ կը հանդիպի այնտեղ ապաստան գտած գաղթականներուն հետ։ Հուսկ ընթրիքի հիւր կը հանդիսանայ Քիեւի աւագ եպիսկոպոսին։

Ճամբորդութեան երրորդ օրը կարդինալ Փարոլին կը տեղափոխուի Լվով ուր հանդիպում կ՛ունենայ Քաղաքի կառավարիչին հետ ապա Լվովի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին հանդիպում կ՛ունենայ Քաղաքապետին հետ։ Կարդինալ Փարոլին հուսկ բացումը կը կատարէ Լատին Եկեղեցւոյ պատկան թանգարանին մինչ յետմիջորէին հանդիպում կ՛ունենայ բիւզանդական ծէսի պատկան եպիսկոպոսներուն հետ որմէ ետք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի նուիրուած կառուցուելիք նոր եկեղեցւոյ հրապարակին օրհնութիւնը կը կատարէ ու կ՛այցելէ Յոյն կաթողիկէ նորընծայարանը եւ Ուկնարնական Կաթողիկէ համալսարանը եւ հիւրը կը հանդիսանայ Լվիվի Յոյն կաթողիկէ Մետրոպոլիտին։

19 յունիսին Կարդինալ Փարոլին Լվիվի մէջ կը մասկանցի Յոյն Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կայացած Պենտեկոստէի տօնի արարողութեան մինչ յետմիջօրէն կ՛այցելէ Պրիուխովիչիի Լատիններու հովուական խնամակալութեան կեդրոնը, աւագ նորընծայարանը, աստուածաբանական ինստիտուտը, տարեցներու կեդրոնը եւ հոգեւոր կրթութեան կեդրոնը ուր եւ հանդիպում կ՛ունենայ նորընծաներուն հետ անոնց հետ բաժնեկցելով երեկոյեան ընթրիքը։

Ճամբորդութեան վերջին օրը կարդինալ Փարոլին Քիեւի Մայտան հրապարակին վրայ կը զետեղէ ծաղկեպսակ մը, այդ հրապարակին վրայ նահատակուած բոլոր անձերուն յիշատակին համար, ապա կ՛այցելէ անյայտ զինուորին յուշակոթողը եւ Հոլոմոտորի թանգարանը։

Սուր Աթոռի Պետական Քարտուղարը հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ աղքատներուն հետ որոնց խնամակալութեամբ կը զբաղին Անարատ Յղութեան քոյրերու միաբանութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին հուսկ կը հանդիպի դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ու Համա- Ուկրանական Եկեղեցիներու եւ կրօնական հաստատութիւններու անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, որուն աւարտին հանդիպում կ՛ունենայ լրագրողներուն հետ եւ երեկոյեան հրաժեշտ առնելով Ուկրանիայէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.