2016-06-16 10:10:00

Ժողովրդական եւ շրջիկ բեմադրութիւններու արուեստագէտներու յոբելեան'' Կարդին Վելիոյի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն առիթով, Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիօ, Գաղթականներու եւ Պանդուխտներու Հովուականի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը, Սուրբ Պատարագ մատուցանեց ժողովրդական եւ շրջիկ բեմադրութիւններու արուեստագէտներուն յոբելենական տարւոյն նշումին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Ծիրանաւորը  շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը սկսէին Ողորմութեան տարւոյն հանդիսութիւնը։ Նկատեց, որ սա առիթ մը պիտի ըլլայ խորացնելու հաւատքը, նորոգելու յարաբերութիւնը՝ Աստուծոյ եւ ընկերոջ հետ, եւ մասնաւորապէս յանձնառու ըլլալ ողորմութեան հոգեւոր եւ մարմնական գործեր կատարելու։

Առիթ մըն է շեշտելու կոչումը եւ առաքելութիւնը՝ յոյս եւ ուրախութիւն բերել եւ խաղաղութեան ու զօրակցութեան պատգամը փոխանցել աշխարհի մը, որ ծարաւն ունի բարութեան եւ գեղեցկութեան- ըսաւ Կարդինալ Վելիօ նկատել տալով թէ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, հակառակ իր սեղմ օրակարգին, անոնց ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ՝ տալով «սիրոյ եւ ողորմածութեան» օրինակ մը։ Յոբելեանը հրաւէր մըն է՝ փառաբանելու Յիսուս Քրիստոս, որ կու գայ փրկելու իր ժողովուրդը՝ իր խօսքով եւ իր նշաններով՝ յայտնելով Աստուծոյ Ողորմածութիւնը իր ամբողջ անհատականութեամբ - ըսաւ ապա Կարդինալ Վելիօ ներկայացնելով օրուան Ս. Աւետարանի ընթերցումը, ուր Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ կը կարդայ Եսայի Մարգարէի տողերը յայտնելով Իր ունկնդիրներուն Իր իսկական ինքնութիւնը։

''Մենք կոչուած ենք կատարելու սիրոյ գործեր եւ բանալ մեր սրտերը փրկութեան։ Թոյլ տանք, որ Աստուծոյ խօսքը մեզ հրապուրէ եւ հնազանդինք Անոր. վկաներն ըլլանք Աստուծոյ անշահախնդիր եւ անսահման սիրոյն։ Մենք կոչուած ենք դարձի գալու եւ հաշտուելու Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ։ Ձեր կոչումը եւ ձեր առաքելութիւնը կը կատարուի յոյսի մարգարէական շնորհապարգեւի մէջ'', ըսաւ պատարագիչ ծիրանաւորը ու շեշտեց ''Յիսուս ձեզմէ կը պահանջէ, որ հռչակէք աւետիսը այնտեղ ուր կը գործէք ձեր մասնագիտութեամբ եւ օգնէք մարդոց՝ որ ճանչնան Տէրը։ Անոնց տխրութիւնը փոխեցէք ուրախութեան, փարատեցէք անոնց տառապանքները, դաստիարակեցէք զանոնք՝ որ տկարին եւ տառապեալին հանդէպ յարգանք ցուցաբերեն եւ անոնց հետ վարուին փափկութեամբ։ Ողորմած Աստուծոյ հետ հանդիպումը պատահար մըն է, որ կը փոխակերպէ ամբողջ կեանքը, հրաւէր մը՝ հաւանութիւն տալու անոր եւ թոյլատրելու, որ Ան ձեզ ամբողջութեամբ ներգրաւէ Իր փրկագործութեան ծրագիրին մէջ։ Եթէ տակաւին ողորմածութեան գործեր չես կատարած` սկսէ այսօր հռչակելու աշխարհի մէջ ողորմած Աստուծոյ աւետիսը, որ Իր սէրը կու տայ բոլորին՝ բարիներու կամ չարերու անխտիր'' յարեց ապա Կարդինալ Վելիօ ու ներկաներուն մաղթեց, որ Տիրամայրը՝ նոր աւետարանումի Աստղը եւ Ողորմածութեան Մայրը, ընկերանայ անոնց՝ իրենց ճանապարհին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.