2016-06-15 10:23:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ձուկերու բնաւորութեանց մասին

Գետի եւ ծովու ձուկերուն տարբերութիւնը գիտնալու համար ձկնորս ըլլալու կարիք չկայ: Ամէն մարդ ալ գիտէ անուշ ջուրի եւ աղի ջուրի ձուկերուն համի տարբերութիւնը: Ձկնորսներու փորձառութիւնը սակայն թոյլ կու տայ, որ անոնք հեղինակաւոր կարծիքներ յայտնեն ձուկերու բնաւորութեանց տարբերութեան մասին: Ձուկերը, ինչպէս գիտենք,  վտանգի պահուն կ՛իջնեն ջուրին յատակը, ուր կայ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն:

Գետերու պարագային շատ հարցական է, վտանգի պահուն ձուկերուն յատակ իջնելու խնդիրը: Որովհետեւ երբ ձուկը որոշէ ջուրին յատակը իջնել, յանկարծ կրնայ ոչ խոր ջուրերու մէջ գտնուիլ եւ իր պաշտպանուելու ճիգը կրնայ ձախողիլ եւ ձկնորս արջերու կեր դառնալ։

Ծովու ջուրերուն խորը բազմաթիւ ձկնատեսակներ կան. հանդարտ լողացող, արագ շարժող, զգուշաւոր մօտեցող, վախով հեռացող, բոյնին մէջ մնացող, շուտով մօտակայ քարին տակ պահուըտող եւ դեռ շատ աւելի տարբեր բարքեր ցուցաբերող ձուկեր: Ասոնք փոքր թիւով օրինակներ են պարզապէս անոնց վարքագիծերէն:

Բարոյագիտական օրինակ քաղելու համար ձկնային աշխարհէն, մենք պիտի կեդրոնանանք անոնցմէ միայն երկու տեսակ վարք ցուցաբերողներուն վրայ.

ա. Հանդարտ ջուրեր փնտռող ձուկեր.

բ. Փրփրացող ջուրեր փնտռող ձուկեր:

Այս երկուքը ընտրեցինք միայն, որպէսզի ցոյց տանք նոյն բնաւորութեան գիծերը ունեցող մարդոց վարմունքը, փոխյարաբերական կեանքի ընթացքին: Իւրաքանչիւր մարդ, ինքնին աշխարհ մըն է վարքերու եւ բարքերու, զգացումներու եւ ապրումներու, հաճելի եւ տհաճ բազմաթիւ երեւոյթներու:

Չենք կրնար այնպէս ակնկալել, որ բոլոր մարդիկ նոյն խառնուածքը ունենան: Ասիկա աստուածային ստեղծագործութեան ալ հակառակ է, որովհետեւ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու տարբեր շնորհք մը տուած է: Իսկ գիտակից տարիքի հասնելով, մարդուն մէջ կը կազմաւորուին սեփական նախասիրութիւններ ու սէրեր, որոնք բուն իսկ իր ինքնութիւնը կը կազմեն:

Հանդարտ եւ փրփրացող ջուրերու մէջ լողացող երկու տեսակ այս ձուկերու օրինակը, երկու խումբի մարդոց աշխատանքային ձեւին կը վերաբերի:

Իրենց կատարած աշխատանքով ուրախ, շատ ինքնավստահ եւ ամէն տեղ երեւելու մարմաջով գործող անձերուն համար ըսուած է, թէ կը նմանին փրփրացող ջուրերու մէջ լողացող ձուկերու, որոնք անընդհատ իրենց լողակները շարժելով, փրփրացող ջուրերուն մէջ կը թփռտան: Կարեւոր չէ՛ թէ անոնք ջուրի հոսանքին դէմ կանգնած թափահարեն իրենց լողակները եւ նոյն տեղը մնան՝ ջուրին ուժգնութեան բերումով: Սակայն, իրենց համոզումով ատիկա մե՜ծ աշխատանք է, թափուած մե՜ծ ճիգ է, եւ նոյնիսկ՝ յառաջդիմութիւն կարելի է համարել այդ…

Կան նաեւ «ձուկեր», որոնք հանդարտ ջուրեր կը սիրեն: Այս ձուկերը վտանգի համար չէ՛ որ «ջուրին յատակը» կ՛իջնեն, այլ՝ քուլիսներու ետին գործելու, համեստութեան շղարշին ներքեւ իրենց աշխատանքը կատարելու համար: Անոնք այն համոզումը ունին, թէ գործ մը պէտք է կատարուի ո՛չ թէ անպայման փառաբանուելու համար, այլ՝ այդ գործը բարեյաջող արդիւնքի հասցնելու նպատակակէտը ունենալով միտքին մէջ: Փրփրացող ջուրերուն մէջ թփռտացող ձուկերէն տարբեր, այս ձուկերը նոյնիսկ եթէ հոսանքն ի վեր լողան, անձայն, անշշուկ, գրեթէ անզգալի թափահարումով կը շարժեն իրենց լողակները, իրենց կեանքին իսկ գնով պայքարելով դժուարութեանց դէմ:

Ցուցադրական աշխատանքին եւ վարագոյրի ետին կատարուած աշխատանքին պատկերը կը պարզուի այստեղ մեր աչքերուն դիմաց: Թատերգութիւն մը բեմադրուած միջոցին, բեմին վրայ երեւցող քանի մը դերասաններէն բացի, մութ վարագոյրին ետին տասնեակներով մարդիկ կ՛աշխատին, սակայն միայն այդ քանի մը դերասանները կը ծափահարուին հանդիսատեսին կողմէ: Թերեւս անոնք չկարենային նոյնիսկ յիշել իրենց արտասանելիք բաժինները, եթէ վարագոյրին ետեւէն իրենց օգնականը չյուշէր այդ պահուն: Սակայն, գնահատանքը, մրցանակը, պատուանունը կը ստանայ բեմին վրայ երեւցող դերասանը…

Բայց ի՞նչ կը մնայ խաղաղ ջուրերուն մէջ լողացող, այս պարագային, վարագոյրին ետին կանգնած իր օգնականին, անոր՝ որ ամէնէն վտանգալից պահուն փրկարարի դեր կատարեց: Անոր կը մնայ հոգեկան գոհունակութիւնը, բարի աշխատանք մը կատարած ըլլալու:

Չենք գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանուի այս մօտեցումը տարբեր մարդոց կողմէ: Սակայն, մեր տեսակէտը այն է, թէ՝ հոգեկան այս գոհունակութիւնը շատ աւելին կ՛արժէ, քան՝ բեմին վրայ եղող դերասանին՝ (իմա՛ փրփրացող ջուրի ձուկին) ստացած ծափահարութիւնները, կամ լամբակին կախուած տասնակներով շքանշանները, տարիներու ընթացքին վաստակած…

 








All the contents on this site are copyrighted ©.