2016-06-14 15:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 14 յունիսի քարոզը ՝՝Աղօթել մեր թշնամիներուն համար՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  Երեքշաբթի, 14 յունիս 2016-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց Մատթէոսի Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի հետեւեալ խօսքեըը ՝՝Գիտէք որ ըսուած է. Սիրէ ընկերդ եւ ատէ թշնամիդ։ Ես կ՝ըսեմ ձեզի, սիրեցէք ձեր թշնամիները, աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն համար՝՝։

Սրբազան Հայրը   ընդգծեց՝  թէ Յիսուսի եւ օրէնսգէտներու միջեւ վէճը ի յայտ էր եւ  այդ ժամանակ` օրէնքի բացատրութիւնը տագնապի մէջ կը գտնուէր։ Օրէնքը բացատրուած էր որպէս տեսութիւն մը,  ան տեսակէտով զուրկ էր օրէնքի սրտէն,  որ է   Աստուծոյ Սէրը մեզի պարգեւուած։  

Ասոր համար Տէրը միշտ կրկնած է Սուրբ Գիրքի ամենամեծ պատուիրանը   զԱստուած սիրել բոլոր սրտով, եւ հոգիով եւ սիրել  ընկերը` անձին նման մինչ   Օրէնսդիրներուն բացատրութեան մէջ այս մէկը կեդրոնական չր նկատուած, անոնց համար օրէնքի կեդրոնն էին  եղելութիւնները`  դէպքերը ։

Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ ակնարկեց թէ ինչպէս Յիսուս անթիւ օրինակներ բերաւ  ցոյց տալու համար պատուիրանները` նոր լոյսին տակ, ինչպէս մի սպաներ պատուիրանը, որ կը նշանակէ նաեւ մի արհամարհեր եղբայրդ։ Եւ այս կատարելով լուսարձակի տակ առաւ  Սիրոյ վեհանձնութիւնը։ 

''Այս ընթացքը միայն օրէնքի կատարումը չէ այլ է նաեւ սրրի բուժումի կատարելիութիւնը''  հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց Մատթէոսի աւետարանին ընդմէջէն Յիսուս ցոյց կու տայ կատարելիութեան ուղին , սիրեցէք ձեր թշնամինեըը  եւ աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն համար։ Եղէք կատարեալ ինչպէս ձեր երկնանւոր հայրը կատարեալ է։ Եւ այս կատարելիութիւնը կը գտնուի Մարկոսի աւետարանին հատուածին մէջ  Սիրէ քու թշնամիդ ու աղօթէ անոնց համար որ քեզ կը հալածեն''։  Այս մէկը կատարելիութեան ուղիին վերջին աստիճանն է, որ ամէնէ դժուաւրին է  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Թող Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը աղօթելու մեր թշնամիներուն համար, աղօթելու անոնց համար որ մեր չարիքը կ՛ուզեն, ու անոնց որ մեզի  չարիք կը հասցնեն ու մեզ կը հալաեն։ Եւ այս աղօթքը երկու արդիւնք ղիտի տայ  նախ այդ թշնամին աւելի բարի պիտի դառնայ,  որովհետեւ ՝աղօթքը հզօր է ապա մեզ աւելիով  Աստուծոյ զաւակներ պիտի դարձնէ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզ եզրափակելով








All the contents on this site are copyrighted ©.