2016-06-14 08:58:00

Լեռնային Ղարաբաղ. ԵԱՀԿ կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական կամք դրսեւորելու։


ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերով եւ անվտանգութեան յանձնախումբի զեկուցող Մարկարեթա Սետերֆելթ կազմած է զեկուցում եւ բանաձեւի նախագիծ, որուն նպատակն է միջազգային երկխօսութեան ամրապնդումն ու  \համագործակցութեան բարելաւումը: ԵԱՀԿ-ի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ բանաձեւը պիտի քննարկուի 1-5 յուլիսին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 25-րդ տարեկան նստաշրջանին ընթացքին:

Բանաձեւին մէջ նշուած է, որ այնպիսի տագնապները, որոնց մէջ ներքաշուած են Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Վրաստանն ու Մոլտովան, աւելի մեծ ուշադրութիւն ու քաղաքական կամք կը պահանջեն:

Սետերֆելթ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութեան վերջին սրումին առնչութեամբ: Բանաձեւով խորհրդարանականներուն կոչ պիտի ուղղուի` քաջալերելու շրջանին մէջ կողմերու քաղաքական կամքը` համաձայնութեան գալու վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման հարցին մէջ` նուազեցնելու թշնամանքի հետագայ վտանգները:








All the contents on this site are copyrighted ©.