2016-06-14 10:12:00

Անունը Ողորմութիւն է


Ո՛վ Յիսուս, դուն որ խոնարհ եւ փափկալի սիրտ  մը ունիս, իմ սիրտն ալ դարձուր քու սրտիդ նման։ Թող իմ հաւատքս, յոյսս եւ սէրս մի եւ միացած ըլլան որպէսզի ապրիմ քու սուրբ Հաղորդութիւնդ քու ողորմութեանդ հոգիով։

Յիսուս այսպէս կը խօսէր վերջին ընթրիքի ընթացքին եւ սակայն արդեօք իր աշակերտները ներկա՞յ էին այս  հայրական աղօթքի ընթացքին թէ՞ բացակայ։

Յիսուս միշտ ներկայ էր եւ է՛ մեր մէջ, որովհետեւ կ’ուզէ բոլորիս զգացնել իր Հօր ներկայութիւնը իր աղօթքին ընդմէջէն։ Այսուհանդերձ, հոգեւոր խօսակցութիւնը  որ ունեցաւ իր աշակերտներուն հետ՝ յաւիտենական սիրոյ կը վերաբերէր։ Ան կ’ակնարկէր իր զաւակներուն յաւիտենական կեանքին։ Անոնց կը յիշեցնէր թէ այս կեանքը եւ այս աշխարհը անցողական են։ Յիսուս՝ աւելի գիտակից այս յաւիտենականութեան հեռանկարին, կ’ըսէր.- «Հիմա որ ձեզի պիտի գամ այս աշխարհին վրայ, այսպէս կը խօսիմ որպէսզի իրենց մէջ ուրախութիւն ունենան»։ Յիսուս պիտի մեկնի այս աշխարհէն մահուան ճամբով, ինչպէս նաեւ յարութեան եւ համբարձման եւ Սուրբ Հոգիի գալստեան ճամբով։

Սուրբ Հոգիին միջոցաւ աշակերտները ընդունեցան առաքելութեան շնորհքը։ Անոնք մեզի կտակեցին աստուածային ուրախութիւնը  միշտ հաղորդակից ըլլալու  Եկեղեցւոյ նոր ուսուցումներուն ու խորհուրդներուն՝ մահուան , Սուրբ եւ Անմահ Զոհի ընթացքին, ուր նոր հաւատացեալները նո՛ր հաւատքով եւ նո՛ր շունչով կ’ընդունին Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Մեծ է Հաւատքին խորհուրդը։

Հայր Աստուած կը փափաքի որ այսօրուայ իր աշակերտները միացած մնան իր անունով, եւ ասոր համար Քրիստոս յաճախ կը կրկնէր.- «Ո՛վ Հայր» անունը, որովհետեւ միշտ միացած էր անոր հետ։ Ան ասոր փաստը կու տար ներկայանալով որպէս Աստուծոյ կենդանի որդին, ինչպէս նաեւ կու տար անտեսանելի պատկերը Աստուծոյ որպէսզի «Հայր Մեր որ յեկինս ես» անունը սուրբ ըլլայ (Մատթ. 9-10)։ Հոս է քահանայութեան բարեխօսութիւնը ուր կը գտնէք Աստուծոյ արքայութեան մօտիկութիւնը մեզի։

Աստուծոյ ողորմութիւնը այս սիրոյ եւ միութեան մէջ կը կայանայ։ Ողորմութիւն բառը եփրայերէնով կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ», որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց իր ժողովուրդը որ իր միակ որդին ղրկեց զայն փրկելու եւ որպէսզի բոլորը հաւատան իր անունին եւ ունենան յաւիտենական կեանքը։

Մեր հաղորդութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ողորմութեան որ մեզի հաղորդուեցաւ Եկեղեցւոյ միջոցաւ։ Այսպէսով եւ Սուրբ Պատարագին միջոցաւ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու սուրբ՝  մխրճուելով հոգեւոր կեանքին մէջ։ Հաղորդուելով Յիսուսի մարմինը՝  կը դառնանք Յիսուսի առաքելութեան ցոլացումը։

Յիսուսի աղօթքը մեզ կը պաշտպանէ չար ոգիներէ,  աշխարհի  ոխէն եւ գէշութենէն  որպէսզի սրբադասուինք եւ սրբադասուի այս աշխարհի ժողովուրդը։ Ասոր պարգեւած ուրախութիւնը պիտի ըլլայ մեր  վկայութիւնը Քրիստոսի Ողորմութեան։

Ո՛վ Յիսուս, ես քեզի կը վստահիմ։ Զօրացո՛ւր հաւատքս՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելով ամէն օր, որովհետեւ ասիկա միակ միջոցն է հետդ մնալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.