2016-06-14 13:17:00

Հաւատոյ Ժողովի «Iuvenescit Ecclesia» նամակի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբաթի` 14 Յունիս 2016-ի առաւօտեան 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի  Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Հաւատոյ Ժողովին «Iuvenescit Ecclesia» նամակը ուղղուած Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներուն եւ հայող այն կապին որ կայ ընդմէջ նուիրապետական ու խարիզմաթիկ պարգեւներուն, Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան համար։

Մամլոյ Ասուլիսը ներկայացուցին Կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Միւլլէր` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը, Կարդինալ Մարք Ուելլէ եպիսկոպոսներուն ժողովի կառավարիչը, գերապայծառ  Փիերօ Քոտա Աստուածաբանակ Միջազգային յանձնախումբի անդամ, եւ ՓրոՖ Մարիա Քարմեն Ապարիսիո Վալսը` Կրէկորեանայ Համալսարանի դասատու։

«Iuvenescit Ecclesia» - Եկեղեցին կը վերա-երիտասարդանայ – նամակը որ կը կռէ Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Կերարտ Լուտվիկի Միւլլերի ստորագրութիւնը եւ ուղղուած է աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն, կը հայի ''նուիրապետական ու խարիզմաթիկ պարգեւներուն մէջ կայացած կապին` ի սպաս Եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր առաքելութեան''։

Առաջին պարագային ''նուիրապետական'' պարգեւները կը շնորհուին ''ձեռնադրութեան'' խորհուրդով մինչ երկրորդները Սուրբ Հոգւոյն ազատ պարգեւներն են որ կը զեղու ամէն անհատի վրայ։

Նամակին մէջ ի յայտ կը դրուին այս երկու իրականութիւնները ու անոնց կապը ինչպէս նաեւ այդ պարգեւներուն ներդաշնակ առաքելութիւնը`ի սպաս եկեղեցւոյ միսիոներականութեան։

Նամակին մէջ կը յանձնարարուի ''Իշխանութեան'' եկեղեցի մը ''սիրոյ'' եկեղեցւոյ հետ համադրելու անհրաժեշտութիւնը որպէսզի աշխարհին ճանչցնենք Քրիստոսի փրկարար ծրագիրը ու Անոր խորհուրդը։ Այս առընչութեամբ եկեղեցական ասպարէզէն ներս ծնունդ առած նոր իրականութիւնները պէտք է ձգտին եկեղեցական հասունութեան ու միշտ հաղորդութեան մէջ մնան իրենց հովիւներուն հետ ու հետեւիլ անոնց տուած ուղղութիւններուն։ Այս նոր իրականութիւնները արդարեւ հրճուանք կը պատճառեն Եկեղեցւոյ, միեւնոյն ատեն սակայն անոնք կանչուած են դրական յարաբերութիւն ունենալու եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր պարգեւներուն հետ, որպէսզի Հովիւներու առաջնորդութեամբ անոնք կարենան գործել ի սպաս Եկեղեցւոյ բարիքին ու անոր աւետարանումի առաքելութեան։

Նամակին մէջ նշուած է ապա թէ  այս նոր իրականութիւնները պէտք է ճանչցուին ու վաւերացուին  ''Եկեղեցական կանոնագրութեան'' հիման վրայ ու այդ կանոնագրութիւնը յարգելով ինչպէս նաեւ տիեզերական եկեղեցւոյ ու տեղական եկեղեցիներու միջեւ կայացած յարաբերութիւններու հիման վրայ։

Նամակին աւարտին հրաւէր մը ուղղուած է բոլորին հայեացքը ուղղելու Մարիամին Եկեղեցւոյ Մօր որ է տիպարը ''Սուրբ Հոգւոյն նկատմամբ ընդունակութեան'' ու ''պայծառ խոնարհութեան. Անոր բարեխօսութեամբ, իղձ կը յայտնուի որ Սուրբ Հոգիին զեղած բազմաթիւ խարիզմները իւրաքանչիւր հաւատացեալին, ընկալուին վերջիններէս ու դրուին` եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր առաքելութեան ի սպաս ինչպէս նաեւ աշխարհի բարիքին ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.