2016-06-13 12:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը ՄԱԿ-ի Պարէնային համաշխարհային ծրագրի կեդրոնին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 13 Յունիս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հռոմի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի Պարէնային համաշխարհային ծրագրի կեդրոնատեղիին։

Սրբազան Քահանայապետին ընկերացան Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին եւ Վատիկանի Քահանայապետի տեղապահ գերապայծառ Պեչչու ինչպէս նաեւ Քահանայապետական տան կառավարիչը` գերապայծառ Կէյնզուէյն եւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Նորին Սրբութիւնը ՄՊՀԾ կեդրոնատեղի ժամանեց առաւօտեան 9,30-ին ուր զինք դիմաւորեցին ՄՊՀԾ կեդրոնատեղի գործադիր տնօրինուին Տիկ Էրթարին Քուզին, ՄՊՀԾ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Ֆերնանտօ Քիքա Արելլանօ եւ ՄՊՀԾ մատակարարական խորհուրդի նախագահ Տիկ  Սթեֆանի Հոշսթեթթեր Սքիննէր Քլէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց ՄՊՀԾ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները ու Յիշատակի Պատին դիմաց պահ մը կանգ առնելէ ետք կեդրոնատեղիին մէջ ողջունեց  զանազան երկիրներու նախարարներ որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՄՊՀԾ վեհաժողովին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ առանձնական հանդիպում ունեցաւ ՄՊՀԾ տնօրէնութեան անդամներուն հետ, ստորագրեց Ոսկեմատեանը, ապա ժամը 10,15-ին կեդրոնատեղիի պաշտօնական դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄՊՀԾ ժողովականներուն հետ ու այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ ողջունելով բոլոր ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անօթութեան դէմ պայքարով իրենց տածած ջանքերուն ու յանձնառումին համար։

Սրբազան Հայրը ակնարկելով Յիշատակի Պատին որ կառուցուած է ՄՊՀԾ անդամներուն յիշատակին, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին պայքարելով ''զէռօ անօթութիւն'' նպատակին, խրախուսեց ներկաները նոյն խանդավառութեամբ շարունակելու այդ գործը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց արդի հաղորդակցութեան միջոցներուն որոնք թէեւ մարդիկը եւ տարածութիւնները իրար կը միացնեն ու առիթ կը ստեղծեն մէկը միւսը օգնելու, ըսաւ ան, միւս կողմէն սակայն տեղեկատուութեան չափազանցութիւնը կարծես թշուառութիւնը բնական կը դարձնէ եւ կարծես անձեռնմխելի կը դառնանք ուրիշներու ողբերգութեան դիմաց։

Այնքան շատ են պատկերները որ մեզի կը հասնին որ մենք ցաւը կը  տեսնենք սակայն անոր չենք դպչիր, կը լսենք լացը` սակայն չենք մխիթարեր, կը տեսնենք ծարաւը սակայն չենք յագեցներ զայն։ Այսպէսով շատ մը կեանքեր կը դառնան լոկ լուրի մը մասնիկը, մինչ ցաւը, անօթութիւնն ու ծարաւը չեն փոխուիր ու կը շարունակուին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ բաւարարուած պէտք չէ նկատենք մենք զմեզ, իմանալով թէ մեր եղբայրները ինչ իրավիճակի մէջ կ՛ապրին այլ անհրաժեշտ է ''ոչնչացնել'' խեղճութիւնը որովհետեւ այդ խեղճութեան ետին կայ նաեւ դիմագիծ մը, դիմագիծը մանուկի մը, ընտանիքի մը, երիտասարդի ու տարեցի մը։ Դիմագիծը աշխատանքէ զուրկ անհատներուն, բռնի գաղթականութեան, լքուած եւ կործանուած բնակարաններու տէր անձերու դիմագիծը։

Կարելի չէ բնական դարձնել բազմաթիւ մարդոց անօթութիւնը, ազդարարեց Սրբազան Քահանայապետը, զգուշացնելով որ դիմագիծերը եւ պատմութիւնները ինչպէս նաեւ կեանքերը չդառնան լոկ թիւեր ու հաշիւ, այլ արժանանան մեր  կարեկցութեան ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց երկու կարեւոր իրողութիւններու վրայ` ''ոչնչացնել'' խեղճութիւնը, եւ անօթութեան ապա-պաշտօնակալութիւնը։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց ՖԱՕ-ի կեդրոնատեղի կատարած այցելութիւնը ու մէջբերեց այնտեղ արտասանած խօսքէն հատուածներ, յատկապէս ակնարկելով ուտելիքներու մսխումի երեւոյթին եւ ուտելիքի ու բնական հարստութիւններու անարդար բաշխումի իրողութեան։

Անօթութեան ապա-պաշտօնակալութեան մասին արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ շատ մը հարցերու լուծումը կը դանդաղի քաղաքական որոշումներու ''պաշտօնակալութեան'' դանդաղութեան պատճառաւ­, մինչ`  զէնքերու պարագային այդ պաշտօնակալութիւնը գոյութիւն չունի եւ յաճախ անօթութիւնը կ՛օգտագործուի որպէս զէնք, յարեց Նորին Սրբութիւնը ու դատապարտեց այս իրականութիւնը նշելով թէ աղքատ ու տկար ազգերը կը տառապին հակամարտութիւններու պատճառաւ ու յաճախ կարելիութիւնը չունին օգնութիւններ ստանալու  խրթին ''պաշտօնակալութեան'' բերումով ու յայտնեց թէ հարկաւոր է որ մարդասիրական օգնութիւնները հասնին իրենց նպատակին ու այս ուղղութեամբ հարկաւոր է հեշտ դարձնել անոնց մատակարարումը, կերտելով կամուրջներ ու օգնութեան հասնելով տառապողներուն։

ՄՊՀ ծրագիրը վաւեր օրինակ մըն է թէ ինչպէս կարելի է աշխատիլ պայքարելու համար անօթութեան դէմ եւ ինչպէս երաշխաւորել մարդկային եւ նիւթական կենսամիջոցներու հաւասար բաշխումը, պայքարելով նաեւ մսխումի երեւոյթին դէմ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու քաջալերեց ՄՊՀ ծրագիրի պատասխանատուները յարատեւելու այդ ճանապարհով, անոնց վստահեցնելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թիկունքը­, ապա խօսքը եզրափակեց Յիսուսի խօսքերով ''Անօթի էի եւ կերակրեցիք ինծի, ծարաւի էի եւ ջուր տուիք ինծի''։

Այս խօսքերը կը գերազանցեն կրօնական դաւանանքներու համոզումները եւ կարող են հանդիսանալ ''ոսկիէ կանոն'' մեր ժողովուրդներուն համար, օգնութեան հասնելու անօթիին ու ծարաւին ու չափելու մեր մարդկայնութեան զարկերակը - ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու մաղթեց որ անօթութեան ու ծարաւին դէմ պայքարը շարունակէ մեզ հարցաքննել, որպէսզի որոնենք բարեփոխումի ստեղծագործ լուծումներ։

Թող Ամենակալ Աստուած իր օրհնութեան թիկունք կանգնի ձեր գործին եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.