2016-06-13 09:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռաձայնային կապը Մաչերաթա-Լորեթոյի ուխտագնացութեան մասնակցողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 11 Յունիսին կատարուեցաւ Մաչերաթա-Լորեթոյի 38րդ ուխտագնացութիւնը, որ սկիզբ առաւ Մաչերաթայի Հելւիա Ռեչինա մարզադաշտին մէջ, երեկոյեան ժամը 20։30ին, Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ, զոր գլխաւորեց Անքոնա-Օզիմոյի արքեպիսկոպոս, Ծիրանաւոր Էտուարտօ Մենիքելլի։

Սրբազան Քահանայապետը, նախապէս, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ խօսքը ուղղելով ուխտաւորի մը, ըսած էր «Դուն իւրայատուկ ես»։ Սրբազան Հայրը նկատած էր, թէ Յիսուս է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ունի այդ մօտեցումը՝ մեզ նկատելով իւրայատուկ, որովհետեւ Ան խորապէս ազդուած է իւրաքանչիւր մարդու արժէքէն, եւ մարմաջն ունի՝ որ այդ գանձը երբեք չսպառի եւ չկորսուի։ Ֆրանչիսկոս Պապի յիշեալ խօսքը՝ «Դուն իւրայատուկ ես», առնուած է Մաչերաթա-Լորեթոյի ուխտագնացութեան իբր նիւթ։

Ուխտաւորներու հետ կայացած հեռաձայնային խօսակցութեան մէջ, Սրբազան Պապը նշելով անձրեւային կլիման, նկատած է թէ անձրեւը օրհնութիւն է. թէեւ անհաճոյ է, սակայն՝ գեղեցիկ։ Անհաճոյ է, որովհետեւ մեզի նեղութիւն կու տայ, սակայն գեղեցիկ՝ որովհետեւ կը պատկերացնէ շնորհքը, որ Աստուծմէ կու գայ։ «Դուք հիմա կը սկսիք կատարել ուխտի երթը, որ պիտի տեւէ ամբողջ գիշեր։ Սակայն կեանքն ալ ճանապարհ մըն է։ Մեզմէ ոչ ոք գիտէ թէ որքան պիտի տեւէ իր կեանքը։ Մարդ կայ, որ կը կարծէ ապրիլ իր կեանքը առանց քալելու ... Չէ կարելի ապրիլ կեանքը՝ մնալով դադարի վիճակի մէջ։ Կեանքը քալելու, բան մը գործելու, յառաջ ընթանալու, ընկերային բարեկամութիւն եւ արդար ընկերութիւն կառուցելու, Յիսուսի Աւետարանը հռչակելու համար է։ Ես ձեզի մօտ եմ այս երեկոյ, ձեզի մօտ եմ աղօթքովս, ձեզի կ՛ընկերանամ եւ ձեզի կը մաղթեմ աղօթքի եւ ուրախութեան գիշեր մը։ Անշուշտ քիչ մը պիտի չարչարուիք, սակայն այդ չարչարանքը կարելի է գերազանցել վաղը՝ Սուրբ Պատարագին մէջ Յիսուսի հանդիպելու յոյսով։ Ձեզ կʼօրհնեմ։ Կեանքի մէջ միշտ քալեցէք, երբեք, երբեք կանգ մի առնէք, մնացէք միշտ ճանապարհի վրայ։ Ա՛յս է կեանքը։ Նաեւ ինծի համար աղօթեցէք, որպէսզի կանգ չառնեմ եւ շարունակեմ ընթանալ ճանապարհին վրայ, այնպէս ինչպէս Տէրը ինծի կը թելադրէ։ Ձեզի կու տամ իմ օրհնութիւնս, սիրելի բարեկամներ, եւ ձեզի կը մաղթեմ երթի, աղօթքի, ուրախութեան, եղբայրութեան գիշեր մը՝ նայուածքը ուղղած Աստուածածնի եւ Սուրբ Հաղորդութեան վրայ, որ պիտի ընդունիք վաղը։» Սրբազան Պապը ուխտաւորներուն հետ աղօթեց Աստուածածնի «Ողջոյնի» աղօթքը եւ օրհնեց զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.