2016-06-13 10:33:00

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը Օրլանտոյի աղէտին ի լուր:


(Ռատիօ Վատիկան) Օրլանտոյի մէջ «Փալս» գիշերային վայրին դէմ զինեալ յարձակումին ի լուր

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոպմարտին, կիրակի 13 յունիս 2016-ի՝ ուշ երեկոյեան,  հրատարակեց  յայտարարոութիւն մը որուն մէջ

նշեց,  թէ Օրլանտոյի մէջ պատահած սարսափելի աղէտը, որ պատճառեց անթիւ անմեղներու մահը, Ֆրանչիսկոոս Պապի եւ մեր  մէջ յարուցեց  խորին պժգանքի եւ դատապարտումի զգացումներ, ինչպէս նաեւ  ցաւ եւ  խռովում ՝սոյն նոր  յայտնաբերուած  խելագար ոճրագործութեան  եւ անիմաստ ատելութեան դիմաց։

Ֆրանչիսկսո Պապ աղօթքի միջոցաւ  կը միանայ եւ կը կարեկցի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն, եւ Տիրոջ կը  յանձնարարէ զանոնք,  որպէսզի կարենան սփոփանք գտնել։։

Բոլորս կը մաղթենք, որ  շուտով  բացայայտուին եւ  արդիւնաւէտ կերպով հակազդուին սոյն  ահռելի եւ անիմաստ բռնութեան պատճառները, որ խորապէս կը խռովէ Ամերիկացի ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան  խաղաղութեան իղձը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.