2016-06-13 09:52:00

Ռայի Պատրիարք «շրջանին մէջ արձանագրուող տագնապները տեղի կ՛ունենան չարի եւ բարիի միջեւ»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի 13 յունիսին, Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած տագնապները տեղի կ՛ունենան չարի եւ բարիի, ինչպէս նաեւ լոյսի եւ խաւարի միջեւ:

Ռայի պատրիարքը աղօթեց Աստուածամօր` անկէ խնդրելով, որ վերջ մը դնէ շրջանին մէջ արձանագրուող պատերազմներուն, բռնարարքներուն եւ ահաբեկչութեան: Իր քարոզին մէջ ան աղօթեց նաեւ, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող պատերազմները արժանանան խաղաղ լուծման, Լիբանան հասած գաղթականները տուն վերադառնան եւ առեւանգուածները իրենց ընտանիքներուն միանան:








All the contents on this site are copyrighted ©.