2016-06-13 10:00:00

Պունտեսթակի ծագումով Թուրք անդամներ առնուած են ոստիկանութեան պաշտպանութեան տակ


Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա վոն տեր Լեյեն գերմանական «Ֆիլթ ամ Զոնթակ» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը` նշելով. «Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին զարգացումներ, ինչպէս` մամլոյ ազատութեանց սահմանափակումներ, մարդկային իրաւանց ու փոքրամասնութեանց վարկաբեկումներ կամ խորհրդարանականներու հետ վարուելակերպը, որոնք մեզ խորապէս կը մտահոգեն»:

«Գործընկերութիւնը պէտք է դիմանայ փոխադարձ քննադատութիւններուն, եւ ատոր մէջ գոյութիւն ունի տարակարծութիւնը հանդուրժելու կարողութիւնը», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ ինք կը գնահատէ տեղահանուածները հիւրընկալելու Թուրքիոյ քայլերը:

Գերմանական «Ֆրանքֆորթըր Ալկեմայնէ Ցայթունկ» օրաթերթը հաղորդեց, որ գերմանական ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք 11 անդամներ առած է իր պաշտպանութեան տակ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումէն ետք մահուան սպառնալիքներ ստանալնուն պատճառով: Օրաթերթը կը նշէ, որ շաբաթ օր Պերլինի ոստիկանութեան եւ դաշնակցային ոստիկանութեան միջեւ գիշերուան ուշ ժամերուն գումարուած ժողովէ մը ետք, որոշուած է երեսփոխաններու պաշտպանութեան համար որդեգրուած անվտանգութեան միջոցառումներու գործադրութիւնը երկարաձգել:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը իր կարգին հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն,  Թուրքիոյ մէջ պաշտօնական հակազդեցութիւններէն ետք, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք երեսփոխաններուն յորդորած է Թուրքիա չայցելել: Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Թուրքիա այցելող երեսփոխաններուն անվտանգութիւնը չի կրնար երաշխաւորել:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.