2016-06-12 12:31:00

Հիւանդներու եւ անկարներու Յոբելենական սուրբ պատարագը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 12 Յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց  հիւանդներու եւ անկարներու Յոբելենական սուրբ պատարագին։

Այս առթիւ արտասանած քարոզը Նորին Սրբութիւնը  սկսաւ Պօղոս Առաքեալի խօսքով՝ «Քրիստոսի հետ խաչուած եմ, այլեւս ես չէ որ կʼապրիմ, այլ Քրիստոս կʼապրի իմ մէջս։» (Գաղ Բ. 19) Պօղոս առաքեալ զօրաւոր բացատրութիւն մը կը գործածէ  արտայայտելու համար քրիստոնէական կեանքի խորհուրդը. ան ամէն ինչ կ՛ամփոփէ Զատկական մահու եւ յարութեան ուժականութեան մէջ, որ ստացած ենք մկրտութեամբ։ Մկրտութեան աւազանին մէջ մխրճուելով, իւրաքանչիւրը կը մահանայ եւ կը թաղուի Քրիստոսի հետ (հմմտ Հռով Զ. 3-4)՝ Անոր հետ յարութիւն առնելու համար։
Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր մարդ, ուշ կամ կանուխ, կոչուած է կեանքին մէջ դիմագրաւելու իր անձի եւ կամ ուրիշներու հիւանդութիւնները։ Մարդկային այս ողբերգական փորձառութիւնները մեր առջեւ կը դնեն գոյութեան իմաստի սուր եւ ճնշիչ հարցականը։ Այսպիսի պարագաներու, երբեմն կը կարծենք թէ բոլոր խնդիրները կրնանք լուծել՝ վստահելով մեր ուժերուն եւ կամ մեր ամբողջ յոյսը կը դնենք գիտութեան հնարքներուն վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով ներկայ ժամանակներու երեւոյթներուն, յիշեցուց թէ մարդկային բնութիւնը, վիրաւորուած մեղքէն, ինքն իր մէջ դրոշմուած կը կրէ սահմանափակ ըլլալու իրականութիւնը։ Ներկայ ժամանակներու մէջ, ուր կը գերիշխէ հաճոյքի եւ հրճուանքի մշակոյթ մը, կը կարծուի թէ հիւանդ մը կամ անկար մը չեն կրնար երջանիկ ըլլալ՝ որովհետեւ անոնք չեն կրնար իրականացնել ապրելակերպի որոշ ձեւ մը։ Մարմնի խնամքը այսօր վերածուած է տնտեսական հարցի մը։ Ասոր համար հիւանդները եւ անկարները կը փակուին որոշ «պահեստներու» մէջ, որովհետեւ այսպէս կոչուած «բարեկեցիկ կեանքի» մը հետ քայլ չեն կրնար պահել եւ կամ երբեմն կը նկատուին իբր տնտեսական բեռ։ Արդ, եթէ մարդը այսպէս վարուի՝ կը նշանակէ թէ չէ հասկցած կեանքի իսկական իմաստը։ Որքա՛ն ճշմարիտ են Պօղոս Առաքեալի խօսքերը, ուր ան կʼըսէ՝ «Աստուած աշխարհի յիմարները ընտրեց, որպէսզի ամջցնէ հզօրները» (Ա. Կոր Ա. 27)
Ապա Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցումին, ուր Ղուկաս Աւետարանիչ կը պատմէ մեղաւոր կնոջ դրուագը (Ղուկ Է. 36 – Ը. 3)։ Մեղաւոր Կինը կը դատապարտեն եւ կʼուզեն քարկոծել։ Սակայն Յիսուս կ՛ընդունի զայն եւ կը ներէ։ Յիսուսի անձին մէջ կ՛իրականանայ Աստուծոյ սէրը եւ ողորմածութիւնը։ Ան իր սէրը ցոյց կու տայ մինչեւ վերջ, մինչեւ խաչի մահը (հմմտ Յովհ. ԺԳ. 1)։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, եզրափակելով խորհրդածութիւնները, նշեց թէ մեր վերաբերմունքը հիւանդութեան եւ անկարութեան հետ՝ մեր սիրոյ չափանիշն է։ Պէտք չէ իրարանցումի մատնուինք եւ յուսալքուինք հիւանդութեան դիմաց, որովհետեւ մեր տկարութեան մէջ է, որ կը զօրանանք, ինչպէս կʼըսէ առաքեալը (հմմտ Բ. Կոր ԺԲ. 10), նշելով նաեւ, թէ մենք մեր անձին մէջ կ՛ամբողջացնենք Քրիստոսի չարչարանքները՝ Եկեղեցւոյ համար, որ Անոր մարմինն է (հմմտ Կող Ա. 24)։

Յայտնենք թէ Սուրբ պատարագ զոհի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց նաեւ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.