2016-06-12 08:34:00

Երանելի կը հռչակուի Մայր ՝՝Մարիա Տի Ճեզու՝՝ն


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 12 յունիս 2016-ին, յետմիջօրէին ժամը 5.00ին, Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքին Մոնրէալէ շրջանի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագի զոհի արարողութեան ընթացքին զոր կը նախագահէ սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօն երանելի կը հռչակուի  Քոյր ՝՝ Maria di Gesù՝՝ն,։

Աւազանի անունով Քարլոինա Քոնչեթթա Անճելա ծնած է Փալերմօ՝  2 հոկտեմբեր 1852-ին՝ հարուստ ազնուական ընտանիքի յարկին տակ։

16 տարեկանին, կը փորձարկէ  Աղօթքի մէջ Աստուծոյ հետ մտերիմ  միութիւնը։ 19 տարեկանին մեծ հօր յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին մօտէն կը ծանօթանայ Հայր Մաուրօ Վենութիին եւ անոր  բանալով իր սիրտը կը յայտնէ թէ իր մէջ կը զգայ Աստուծոյ  կոչը աւելի բարձր կատարելութեան։

Ան ամէն օր ընդունելով Յիսուսը ՝Սուրբ Հաղորդութիւնը, անկէ կը քաղէ ուժը պայքարելու եւ հասնելու համար իր իտէալին ։ 21 տարեկանին կ՝ընդունի դառնալ Փալերմոյի Մեծն Սուրբ Սնտոնի ժողովրդապետութեան ՝՝Մարիամի զաւակները'' ընկերակցութեան նախագահուին։

13 յունիս 1887-ին կը դառնայ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան կրօնաւորուհի ստանալով Քոյր ''Մարիա Յիսուսի'' անունը։ Ան աղքատ կը դառնայ աղքատներուն միջեւ ամէն օր դուռ դուռ բախելով, Սուր Ֆրանչիսկոսի նման կ՛այցելէր աղքատները  անոնց տաք ապուր տանելով, եւ այս մէկը զայրացուց իր հայրը որ արհամարգուած կը զգար իր աղջկան այս գործունէութեան պատճառաւ։

Քոյր Մարիա Յիսուսին իր մահկանացուն կնքեց 27 յունուար 1923-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.