2016-06-11 13:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Վատիկանի աստղադիտարանի ամառնային դասընթացքին հետեւողներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 11 յունիսին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Սփէքոլա անուան աստղադիտարանի Յիսուսեան միաբանութեան հայրերու կողմէ կազմակերպուած ամառնային դասընթացքին հետեւողներուն։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով զանազան երկիրներէ ժամանած ուսանողներու մշակութային բազմազանութեան, հաստատեց թէ ասիկա նշան է, թէ ինչպէս բազմազանութիւնը կրնայ հարստացնել գիտական ծիրէն ներս հետախուզումի աշխատանքները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Լեւոն ԺԳ. քահանայապետին, որ 125 տարիներ առաջ, 1891-ին, հիմնած է Վատիկանի աստղադիտարանը, փաստելով՝ թէ եկեղեցին կողմնակից է ճշմարիտ եւ հիմնաւորուած գիտութեան, ըլլա´յ ան աստուածային եւ կամ մարդկային։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ ուսանողներուն յիշեալ դասընթացքին հետեւելու նպատակին, ըսելով՝ թէ տիեզերքը՝ Աստուծոյ արարչութիւնը եւ տիեզերքի մէջ մարդ արարածի տեղը հասկնալու բաղձանքը հասարակաց է այր մարդոց եւ կիներու, որոնք կու գան զանազան մշակութային եւ կրօնական միջավայրերէ։ Բոլորս ալ կ’ապրինք նոյն երկնքի տակ, բոլորս ալ հիացած ենք այն գեղեցկութեամբ, որ կը յայտնուի տիեզերքի մէջ։ Այս իմաստով, մենք կը բաղձանք յայտնաբերել այս հրաշալի տիեզերքի գործելակերպի ճշմարտութիւնը, միշտ աւելի մօտենալով Արարիչին։

Պատեհ է եւ նախախնամական, որ ամառնային այս դասընթացքը հոգածու է ջուրի ուսումնասիրութեամբ, ըլլա´յ մեր արեգակնային դրութեան մէջ եւ կամ այլուր։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ ո´րքան էական է ջուրը այս աշխարհի վրայ։ Ջուրի զօրութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ անոր պարզութիւնը մեզի հիացմունք կը պատճառեն։ Մեծ մշակոյթները ծնունդ առած են գետերու ափերուն, եւ մեր օրերուն մաքուր ջուրի մատչելիութիւնը կը շարունակէ ըլլալ մարդկային ցեղի արդարութեան խնդիր մը։

Գիտական հետախուզութիւնը կը պահանջէ մեծ նուիրում, երբեմն խլելով երկար ժամանակ եւ ըլլալով յոգնեցուցիչ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կրնայ եւ պէտք է ըլլայ խոր հրճուանքի աղբիւր։

Կ’աղօթեմ, որ դուք կարող ըլլաք մշակելու այդ ներքին հրճուանքը եւ թոյլ տալ, որ ան ներշնչէ ձեր աշխատանքը։ Այդ հրճուանքին բաժնեկից ըրէք ձեր բարեկամները, ձեր ընտանիքները եւ ազգերը, ինչպէս նաեւ միջազգային գիտնականներու հասարակութիւնը, որուն հետ կը գործակցիք։ Կը մաղթեմ, որ միշտ գտնէք ուրախութիւն ձեր հետախուզումի աշխատանքին մէջ, եւ ձեր ուսումնասիրութիւններու պտուղը բաժնէք համեստութեամբ եւ եղբայրօրէն։

Ձեր եւ ձեր աշխատանքին վրայ կը հրաւիրեմ Տիրոջ առատ օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.