2016-06-11 14:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Հռոմի ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագրի կեդրոնատեղին


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 13 յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը՝ առաջին քահանայապետը ըլլալով կ՝այցելէ Հռոմի մէջ գտնուող ՄԱԿ-պարէնի համաշխարհային ծրագրի կեդրոնատեղին։

Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը կը զուգադիպի այն ժամանակամիջոցին, ուր թափ առած են կայուն զարգացման հիմնական նպատակներու առնչուող աշխատանքները։

ՄԱԿ-ի անդամ երկիները համաձայն գտնուած են 17 կէտնպատակներու շուրջ եւ անոնք մտադիր են դիմագրաւելու աղքատութեան եւ սովին արմատը գտնուող պատճառները։

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագրի աշխատանքներու կեդրոնական նպատակն է մինչեւ 2030 թուական զեռոյի վերածել աշխարհի մէջ սովահարներու թիւը։

Ֆրանչիսկոս Պապի, Հռոմի ՄԱԿ-Պարէնի համաշխարհային ծրագրի կեդրոնատեղիին այցելութիւնը կը սկսի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, երբ Սրբազան Հայրը կը ժամանէ կեդրոնատեղի։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ  ՄՊՀԾ բարձրաստիճան իշխանութիւններուն հետ ապա կանգ կ՛առնէ ''Յիշատակի'' պատին առջեւ ապա հանդիպում կ՛ունենայ ՄՊՀԾ վեհաժողովի ներկայ գտնուող նախարարներուն հետ եւ  ՄՊՀԾ գործադիր տնօրէնին հետ հուսկ  կեդրոնի դահլիճին մէջ հանդիպում կ՝ունենայ ՄՊՀԾ ժողովականներուն հետ եւ անոնց կ՝ուղղէ պատգամ մը։

Ժողովականներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը կեդրոնի պարտէզին մէջ կը հանդիպի աշխատակազմի անդամներուն եւ անոնց հարազատներուն ինչպէս նաեւ պարտէզի մօտ մանկապարտէզի մանուկներուն, ապա՝ ժամը 11.45 հրաժեշտ առնելով բոլորէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.