2016-06-10 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը համաշխարհային վերանորոգեալ եկեղեցիներու պատուիրակութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 10 յունիս 2016-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկնդրութիւն շնորհեց  համաշխարհային  վերանորոգեալ եկեղեցիներու հաղորդութեան  պատուիրակութեան անդամներուն ու անոնց յղեց պատգամ մը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը  ակնարկելով անոնց հետ տեղի ունեցած  հանդիղումին՝ զայն համարեց  յաւելեալ քայլ՝  համամիութենական շարժումը  յատկանշող ուղեւորութեան մէջ, որ   օրհնուած եւ յոյսով լեցուն ուղեւորութիւն մըն է եւ որուն ընթացքին բոլորս կը ջանանք միշտ ապրիլ Տիրոջ աղօթքին համաձայն՝ ՝՝որպէսզի բոլորը մէկ բան ըլլան ՝՝ (Յովհ 17.21)

Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ տասը տարի առաջ վերանորոգեալ համաշխարհային եկեղեցիներու դաշնութեան պատուիրակութեան ,  Պենետիկոտոս ԺԶ Վաստակաւոր քահանայապետի տուած  ացյելութեան, ինչպէս  նաեւ 2010 թուականին կայացած  վերանորոգեալ համամիութենական խորհուրդին եւ վերանորոգեալ եկեղցեիներու համաշխարհային դաշնութեան, եւ այս բոլորը համարեց  շօշափելի տիպար՝  քրիստոնեաներու միութեան կէտնպատակին հասնելու, ինչպէս նաեւ քաջալերանք համամիութենական  ուղեւորութեան ։

Ֆրանաչիսկոս Պապ   գնահատեց նաեւ համաշխարհային բարենորոգեալ եկեղեցիներուն հաղորդութեան  եւ Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի միջեւ  եզրափակուած երկխօսութեան չորրորդ փուլը.  Որուն նիւթն եղած է  “արդարացում” ու “Սուրբ Խորհուրդներ”։

Արդարացումի վարդապետութեան համաձայնութեան շրջագիծէն ներս  Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, թէ գոյութիւն  ունին անթիւ դաշտեր , ուր կաթողիկէներն ու վերանորոգեալները կրնան միասնաբար համագործակցիլ վկայելու համար Աստուածային ողորմութիւնը՝ ճշմարիտ հակաթոյնը ընդէմ անտարբերութեան եւ մոլոր վիճակի իմաստին ։

Մեր օրերեուն ըսաւ Սրբազան Հայրը  յաճախ կը փորձարկենք հոգեւոր կղզիացումը։ Մասնաւորապէս հոն՝ ուր կ՝ապրինք,   կարծես թէ Ատուած գոյութիւն ունեցած չ՝լլար. Քրիստոնէական հասարակութիւնը կանչուած է ըլլալու տիկեր, որոնք  յոյսով կը յագեցնեն ։

՝՝Կարելի չէ հաղորդել հաւատքը՝ զայն կղզիացած ձեւով կամ  բաժնուած եւ ինքնիր մէջ փակուած խումբերու մէջ ապրելով, ընդգծեց Սրբազան հայրը ու անհրաժեշտ  նկատեց համամիութենականութիւն մը աստուծաբանական ուժերու ջանքերու հետ միասին՝ նոր համադրում կատարել վարդապետական վիճելի կէտերուն, զարգացնել Աւետարանումի եւ ծառայութեան հասարակաց նոր առաքելութիւն մը։։

Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր ճառը մաղթանք յայտնելով,  որ սոյն  հանդիպումը ըլլայ ազդու նշան իրենց  հաստատակամ  վճռակամութեան՝  միասնաբար ընթանալու դէպի ամբողջական միութեան ուխտագնացութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.