(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` անցեալ 24 ապրիլ 2016-ին Ուկրանիոյ պատերազմէն տառապող բնակչութեան ի սպաս կազմակերպուած դրամահաւաքէն հաւաքուած գումարը բաժնելու համար որոշեց ստեղծել տեղական կոմիտէ մը որուն նախագահ կարգեց Խարքիւ – Զափորիժա թեմին օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Եան Սոպիլօ։
Սոյն որոշումը կը զուգադիպի Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին 15 - 20 Յունիս Ուկրանիա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի այս առընչութեամբ լրագրողներուն յայտնած է թէ հաւաքուած գումարը պիտի բաշխուի անխտիր բոլոր դաւանանքներու եւ ցեղերու պատկան անհատներուն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |