2016-06-10 09:31:00

Նասա«Միջին արեւելքի մէջ ընդյատակեայ ջուրերու պաշարներու մակարդակը մեծապէս նուազած Է»


ՆԱՍԱ-ի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Միջերկրականի արեւելեան ափի Լիբանանը, Սուրիան, Յորդանանը, Թուրքիան, Կիպրոսն ու Պաղեստինը ներառող շրջանին մէջ,  1998-էն ի վեր սկիզբ առած անձրեւներու քանակի նուազումը 9 տասնամեակներէ ի վեր ամէնէն վատն է:

Ուսումնասիրութիւնը այս երաշտին պատճառը կը նկատէ մարդոց գործունէութիւնը, որ առաջնորդեց համաշխարհային ջերմացման եւ գլխաւորաբար ազդեց երկրագունդի այս հատուածին` Միջին Արեւելքին վրայ:

Այդ իրողութիւնը մտահոգութիւն յառաջացուցած է յառաջիկայ 100 տարուան ընթացքին ջուրերու ընդյատակեայ եւ մակերեսային պաշարներու կացութեան նկատմամբ:

ՆԱՍԱ-ն ստեղծած է ծրագիր մը, որ կրնայ նախատեսել յառաջիկայ տարիներուն արձանագրուելիք փոփոխութիւններու տարողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.