2016-06-10 10:24:00

Գաղթականներու հոսքին պատճառով Շուէտ լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ։


ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Սուրիական պատերազմին հետեւանքով, պարբերաբար հազարաւոր սուրիացի գաղթականներ հասած են Շուէտ, ուր մինչեւ վերջերս լաւ ընդունելութիւն գտած են ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէ։ Շուէտի կառավարութիւնը գաղթականներուն կը տրամադրէ բնակարան ու ապրուստի ծախս, ինչ որ շուէտացիներուն կողմէ կը դիտուէր իբրեւ բարեսիրական արարք։ Սակայն փախստականներու աճող հոսքին հետ շատցած են նաեւ անհաճոյ միջադէպերը, որոնք հարցականի տակ կ՛առնեն Շուէտի կառավարութեան քաղաքականութիւնը։

Ամէնէն ցնցիչ միջադէպերէն մէկը անցեալ Հոկտեմբերին պատահեցաւ Շուէտի Թրոլհաթեն քաղաքին մէջ, ուր դիմակաւոր ազգայնամոլ մը յարձակեցաւ մեծ թիւով գաղթականներ ունեցող դպրոցի մը վրայ եւ սպաննեց երկու ուսուցիչներ ու աշակերտ մը։ Դպրոցի պահակը կրցած էր կրակել անոր վրայ եւ սպաննել զայն։ Ազգայնամոլներ յարձակած են նաեւ շարք մը գաղթականական կեդրոններու վրայ։

Միջադէպին բեմահարթակ դարձած քաղաքը կը նկատուի Շուէտի արդիւնաբերական մեծ քաղաքներէն մէկը, որուն բնակչութիւնը մօտաւորապէս 60,000 կը հաշուէ, սակայն հազարաւոր արաբ փախստականներու համար իր տրամադրած յարմարութիւններով՝ անիկա նաեւ կը նկատուի գաղթականներու ամէնէն նախընտրելի քաղաքը։

Փախստականներու մեծ հոսքէն ետք Շուէտ սկսաւ տառապելու բազմաթիւ խնդիրներէ. մինչ լաչակաւոր կիներ սկսան յարձակելու շուէտցի կանանց վրայ՝ պատրուակելով անոնց «մերկ» ըլլալը, հագուստով լողաւազան իջնելու իսլամ կիներուն արարքը զզուանք յառաջացուցած է շուէտցի կիներուն մօտ։

Նաեւ, մինչ Շուէտ կը նկատուէր աշխարհի ամենաապահով երկիրներէն մէկը, անիկա սկսած է վտանգաւոր նկատուելու՝ յատկապէս բռնաբարութիւններու թիւի զգալի աճին պատճառով։ Նաեւ, Շուէտ սկսած է ականատես ըլլալու սպանութիւններու այնպիսի դէպքերու, զորս բնաւ չէր կրնար պատկերացնել իր ժողովուրդը։ Սպանութեան այդ ձեւերէն մէկը պատիւի համար գործուած սպանութիւնն է, երբ իսլամ ծնողներ, իրենց «պատիւ»ը փրկելու համար, կը սպաննեն իրենց աղջիկ զաւակները, որոնք կ՛ընկերանան շուէտցի տղոց հետ։

Նաեւ, Շուէտի տարբեր քաղաքներու մէջ սկսած են տեսնուելու «Իսլամական պետութեան» կարգախօսներով ցուցատախտակներ, որոնցմէ մէկուն վրայ գրուած էր. «Իսլամութիւնը ընդունէ՛, որ փրկուիս. եթէ անհաւատ մնաս՝ կը սպաննուիս»։

Միաժամանակ, գաղթականներ սկսած են վերակենդանացնելու երկրին այն քաղաքները, ուրկէ բնակչութեան մեծ արտահոսք տեղի ունեցած էր՝ այս կամ այն արդիւնաբերական ընկերութեան փակումին պատճառով։








All the contents on this site are copyrighted ©.