2016-06-10 09:23:00

Աղօթք ի սպաս Համա - Օրթոտոքս սիւնհոդոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 11 Յունիս 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է ժամասացութեան արարողութիւն եւ աղօթք­, ի տես յառաջիկայ 16 - 27 յունիս 2016-ին, Քրեթա կղզիին մէջ գումարուելիք համ-օրթոտոքս սիւնհոդոսին։

Վերոնշեալ աղօթքի ձեռնարկը կազմակերպած է Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդը որպէս` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ նկատմամբ հոգեւոր միութեան դրսեւորում։

Յայտնենք թէ համ-օրթոտոքս վերոյիշեալ սիւնհոդոսը պատմական իրադարձութիւն մըն է որովհետեւ հազար տարիէ ասդին առաջին անգամն է որ կը գումարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.