2016-06-09 16:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Լեհաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 9 յունիս 2016-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 27-31 յուլիս 2016-ին՝  երիտասարդներու համաշխարհային 31 օրուան առիթով, Լեհաստան կատարելիք Առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Սրբազան Հայրը,  Չորքեշաբթի` 27 յուլիս 2016-ի  յետմիջօրէի ժամը 2.00-ին Հռոմի Ֆիւումիչինօ միջազգային օդակայանէն կը մեկնի դէպի Քրաքովիայի օդակայան։ Երկու ժամ տեւողութեամբ թռիչքէ ետք, յետմիջօրէին ժամը 4.00-ին,  Նորին Սրբութեան  օդանաւը էջք կը կատարէ Քրաքովիայի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան միջազգային օդակայան, ուր  նախատեսուած է պաշտօնական ընդունելութեան արարողութիւն։

Ժամը 5.00-ին, Վավել` Նախագահական Պալատին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում կ՝ունենայ Քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ապա Քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահին։

Ժամը 6.30-ին, Սրբազան Հայրը Քրաքովիայի մայր տաճարին մէջ կը հանդիպի լեհաստանի եպիսկոպոսներուն հետ։   

Լեհաստան կատարած այցելութեան երկրորդ օրը՝ հինգշաբթի 28 յուլիսին,  Ֆրանչիսկոս Պապ  նախ կ՛այցելէ  ՝՝ներկայացում՝՝ անուան մայրապետներուն վանքը, ապա 8.00ին, ինքնաթիռով կը մեկնի  Չեսթոքովա  քաղաղք  ուր ժամը  09.45-ին կ՝այցելէ ''Ժասնա Կորա'' վանքը  ու ՝՝Սեւ Տիրամօր՝՝  անուան մատրան մէջ առանցական աղօթք կը կատարէ։ 

Ժամը 10.30-ին, Չեսթոքովայի սրբավայրի տարածքին Ֆրանչիսկսո Պապ կը նախագահէ Լեհաստանի քրիստոնէացման 1050-րդ տարեդարձի առիթով հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որմէ ետք  ինքնաթիռով կը մեկնի Քրաքովիայի Պլոնիա շրջանի  Ժորտան անուան հանրային պարտէ,­ ուր` ժամը 5.30-ին, նախատեսուած է երիտասարդներու համաշխարհայինն հաւաքին բարի գալուստի արարողութիւնը որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը անոնց կ՝ուղղէ իր սրտին խօսքը ։

Ուրբաթ, 29 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաթիռով կը մեկնի Ոսչիէչիմ քաղաք,  ուր այցելութիւն կը կատարէ  Աուշվիցի եւ Պիրքենաու համակեդրոնացման ճամբարին, ուր եւ նաեւ ճառ մը կ՛արտասանէ։

Ժամը 4.30-ին, Նորին Սրբութիւնը վերադառնալով Քրաքովիա` կ՝այցելէ  համալսարանական մանկաբուժարանը եւ այս առթիւ կ՝արտասանէ ճառ մը,  որմէ ետք Ժորտան անուան հանրային պարտէզին մէջ  երիտասարդներու մասնակցութեամբ կը նախագահէ ճանապարհ խաչի բարեպաշտական արարողութիւնը, որուն ընթացքին այնտեղ համախմբուած երիտասարդներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը։ 

Շաբաթ, 30 յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 8.30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Քրաքովիայի Աստուածային ողորմութեան սրբավայրը, ուր ժամը 9.00ին անցք կը կատարէ տաճարի սուրբ դուռէն. Ապա խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարէ մի քանի երիտասարդներուն։

Ժամը 10.30-ին, Քրաքովիայի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին սրբավայրին մէջ Նորին Սրբութիւնը, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն ինչպէս նաեւ նորընծաներու մասնակցութեամբ կը նախագահէ սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Ժամը 12.45-ին, արքեպիսկոպոսարանի մէջ Սրբազան Հայրը օրուան ճաշը կը բաժնեկցի երիտասարդներուն հետ, մինչ Երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Ողորմութեան դաշտին մէջ նախատեսուած է աղօթքի հսկումի արարողութիւն։

Կիրակի 31 յուլիս 2016-ին, երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ վերջին օրը, ''Ողորմութեան'' անուան դաշտին մէջ Ֆրանչիսկսո Պապ կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագի զոհը որուն աւարտին նոյն վայրէն կ՛արտասանէ  կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան Աղօթքը։

Յետմիջօրէին ժամը 5-ին, Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին կամաւորներուն կազմակերպիչներուն  եւ բարերարներուն  անոնց ուղղելով ճառ մը, հուսկ՝ երեկոյեան 6.15-ին, Քրաքովիայի միջազգային օդակայանին մէջ կայանալիք հրաժեշտի արարողութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 20.25-ին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.