2016-06-09 09:19:00

Սենեկալի մէջ առաջին ազգային զինուորական ուխտագնացութիւն Տիրամօր սրբավայրին։


(Ռատիօ Վատիկան) 11-12 յունիս 2016-ին, Սենեկալի  Տիրամօր նուիրուած Փոփենկին անուան սրբավայրին մէջ տեղի կ՝ունենայ առաջին ազգային զինուորական ուխտագնացութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  աւելի քան երկու հազար բանակայիններ՝ ընկերակցութեամբ Տաքար թեմի մատրանապետ Հայր Ալֆոնս Պիրամ Նտուրիին

Ուխտագնացութեան որպէս նիւթ ընտրուած է պաշտպանութեան  եւ ապահովութեան ուժականութիւնը Աստուածամօր հետ, Ողորմութեան վկաներն ենք, ազգի ծառայութեան ի սպաս։

Զինուորական ուխտագնացութեան ծիրէն ներս կազմակերպուած է  հսկումի երեկոյթ, որուն ընթացքին դասախօսութիւն պիտի կատարէ  Թիես թեմի եպիսկոպոսը` գերապայծառ Անտրէ կուէյը, ապա տեղի պիտի ունենայ Ազատութեան Տիրամօր տաճարին Սուրբ դուռէն անցքի արարողութիւնը։  Զինուորական ուխտագնացութեան  յայտագիրը վերջ կը գտնէ կիրակի 12 յունիսին Սուրբ Պատարագի զոհի արարողութեամբ։

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.