2016-06-09 08:47:00

Յունիս 10-ին ԱՄՆ-ի մէջ տեղի կ’ունենայ «Հայաստան ՏՏ Ժողով»-ը


ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ 2016թ Յունիս 10-ին ԱՄՆ Սիլիքոնեան հովիտին մէջ, Սինոփսիսի Մաունթին Վիու տարածքին մէջ, ամէնամեայ Արմթէք Քոնկրէս  միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ «Հայաստան ՏՏ ժողով»-ը: Ձեռնարկը կ’իրականացուի  ՀՀ վարչապետի բարձր հովանիի ներքոյ:

Ժողովին  նպատակն է խթանել ճարտարարուեստական աճը եւ ցանցային համակարգի զարգացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարձր արուեստաբանութիւններու ոլորտը ներգրաւել համաշխարհային ճարտարարուեստական հարթակներու վրայ:

Ժողովի ծիրէն ներս քննարկուելիք հարցերու հիմնական ուղղութիւններն են` Հայաստանի ՏՏ ոլորտի զարգացումները եւ յաջողութեան պատմութիւնները, Միջազգային նորաստեղծ ընկերութիւններու կենսաբանական համակարգի ստեղծում եւ կապ համաշխարհային շուկայի հետ, Հայաստանի մէջ ներդրումային հնարաւորութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, Կրթութեան դերը նորաստեղծ ընկերութիւններու ներուժը բացայայտելու գործին մէջ:

Յոյսով ենք, որ այս ոլորտին մէջ աշխատող սփիւռքի մեր հայրենակիցները աշխուժօրէն կը մասնակցին այս կարեւոր ձեռնարկին` Հայաստանի յետագայ ճարտարարուեստական զարգացման նոր խթան հաղորդելու համար:

Ժողովին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկատուութիւն ստանալու համար, կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջ` itforum.eif.am:








All the contents on this site are copyrighted ©.