2016-06-09 09:53:00

Հիւանդներու եւ անկարներու յոբելեանը 10 – 12 Յունիս 2016


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, հինգշաբթի,  9 յունիսին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ  մամլոյ ասուլիս,  որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ հիւանդներու եւ անկարներու յոբելեանի օրուան  յայտագիրը, որ տեղի կ՝ունենայ 10-12 յունիսին։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցաւ  նոր աւետարանացման Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան եւ միեւնոյն խորհուրդի քարտուղարն ու ենթաքարտուղարը։

Հիւանդներու եւ անկարներու յոբելեանի օրուան առթիւ կազմակերպուած են զանազան հոգեւոր ձեռնակներ, Աստուծոյ ողորմութեան մասին դասախօսութիւններ,  ինչպէս նաեւ  Սուրբ Հաղորդութեան Պաշտամունքի արարողութիւնը։

Յոբելինական ձեռնարկներու բացումը կը կատարուի Ուրբաթ 10 Յունիսին՝ յետմիջօրէին,  Սանթա Մարիա ին Վալլիչելլա եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքով, ապա խոստովանանք ու Սուրբ Դուռէն անցք։  Ժամը 5-ին նախատեսուած է ողորմութեան մասին դասախօսութիւն '' ողորմութիւնը աղբիւր երջանկութեան''' նիւթին մասին։

Երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան՝ 8-ին,  միշտ աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահերով, մինչ՝ երեկոյեան նախատեսուած է տօնախմբութիւն ''Քասթել Սանթ Անճելօ'' այգիին մէջ։

Հիւանդներու եւ անկարներու Յոբելեանը կ՛եզրափակուի կիրակի 12 Յունիսին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.