2016-06-09 10:02:00

Թել Աւիլի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն՝ կան չորս մեռեալ եւ 5 վիրաւորներ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 8 յունիսին երեկոյեան, Թել Աւիւի հանրային մէկ  շուկայի մը  մէջ երկու երիտասարդ Պաղեստինցներ զէնքով կրակ բացած են ամբոխին վրայ պատճառելով  չորս  մեռեալ ու  5 վիրաւորներ։

Երկու  պաղեստինցի երիտասարդներէն մին ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ մինչ երկրորդը կրակոցներու ընթացքին մահացած է։  

Թել Աւիւի ոստիկանութեան տեղեկութիւններուն համաձայն,  երկու երիտասարդները կը պատկանին միեւնոյն ընտանիքին  եւ անոնք  ժամանած են  Եաթա  քաղաքէն, որ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին  թիրախ դարձած է բռնութիւններու։

Իսրայէլի կառավարութիւնը Ոսրայէլ մտնելու   արտօնագիր  ունեցող 83000 հազար Պաղեստցիներուն արգիլած է  մուտք գործելու Թել Աւիւ  Ռամատանի տօնին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.