2016-06-08 11:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, յունիս 8ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց եւ քրիստոնէականի ուսուցման պատգամը տուաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող բազմահազար ուխտաւորներուն։

Բացայայտելէ ետք ողորմածութեան քանի մը առակներ, Սրբազան Պապը կենդրոնացաւ առաջին հրաշքին վրայ, որ Յիսուս կատարեց Կանայի մէջ՝ ջուրը գինիի վերածելով։ (Հմմտ Յովհ Բ. 1-11)

Սրբազան Պապը նշեց, թէ Յովհաննէս Աւետարանիչ Յիսուսի հրաշքները “նշան” կ’անուանէ։ Այդ առաջին հրաշքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, “ողորմածութեան” առաջին նշանն է։ Յիսուս կը կատարէր հրաշքները՝ պարզապէս Հօր սէրը յայտնելու նպատակով։

Կանայի հարսանիքին ժամանակ, Յիսուս սկիզբ կը դնէ իր հրապարակային գործունէութեան։ Ան ինքզինք կը յայտնէ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին փեսան, որուն մասին աւետած էին մարգարէները։ Յիսուս սիրոյ Նոր Ուխտ մը կը հաստատէ։ Ան Իր անձը մեզի կը յայտնէ՝ Իր պարգեւատու լիութենէն բխած սիրով։

“Ի՞նչն է մեր հաւատքի հիմը”, հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ շարունակեց ըսելով – յիշեալ հրաշքը՝ ողորմածութեան արարք մըն է, որուն միջոցաւ Յիսուս զմեզ Իր անձին կը կապէ։ Իսկ քրիստոնէական կեանքը՝ Յիսուսի սիրոյն տրուած պատասխանն է։ Երկու սիրահարներու նման՝ Աստուած եւ մարդ իրարու կը հանդիպին, զիրար կը փնտռեն, զիրար կը գտնեն, իրարու հետ կ’ուրախանան եւ զիրար կը սիրեն։ Մնացած ամէն ինչ հետեւանքն է այս յարաբերութեան։ Եկեղեցին Յիսուսի ընտանիքն է, որուն մէջ Անոր սէրը կը հոսի։ Այս սէրն է, որ Եկեղեցին կը պահպանէ եւ կ’ուզէ շնորհել բոլորին։

Նոր Ուխտի համոյթին մէջ կարելի է նկատել նաեւ Աստուածածնի նկատումը՝ “Գինի չունին։” Ապա, ան դառնալով ծառաներուն՝ կ’ըսէ – “ըրէ´ք այն ինչ որ ձեզի կ’ըսէ։” (Յովհ Բ. 5) Այս նախադասութիւններէն ետք, Աուրբ Աւետարանի մէջ Աստուածածնի կողմէ արտասանուած խօսքեր չեն յիշուիր։ Սա Աստուածածնի ժառանգն է, որ մեզի կը թողու։ Աստուածածնի յորդորին շնորհիւ է, որ ծառաները Յիսուսի կոչին կ’ընդառաջեն։ Մենք ալ, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեր սրտերը պէտք է լեցնենք Աստուածային խօսքի ջուրով՝ կարենալ շարունակելու ուրախութեան տօնը։ Ծառայել Տիրոջ՝ կը նշանակէ լսել Անոր խօսքը եւ զայն գործադրել։ Պարզ յանձնարարութիւն մըն է, որ Յիսուսի Մայրը մեզի կու տայ, սակայն այդ յորդորը էական է եւ կը կազմէ քրիստոնէական կեանքի հիմնական ծրագիրը։

Յիսուս կը կատարէ խօսուն նշան մը՝ Մովսէսի օրէնքը կը փոխակերպէ Աւետարանի, ուրախութեան աւետիսի։ Ինչպէս Յովհաննէս Աւետարանիչ կ’ըսէ – “Օրէնքը տրուեցաւ Մովսէսի միջոցաւ, իսկ շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ յայտնուեցան” (Յովհ Ա. 17)

Եզրափակիչ խօսքերուն մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ Կանայի հարսանիքի մասին գրուածը պարզ հրաշքի մը պատմուածքը չէ։ Ան նշան մըն է, որուն միջոցաւ Յիսուս Իր անձի խորհուրդը եւ իր գալստեան նպատակը կը բացայայտէ։ Կանայի մէջ է, որ Յիսուսի աշակերտները կը կազմեն Անոր ընտանիքը, եւ այնտե´ղ կը ծնի Եկեղեցւոյ հաւատքը։ Բոլորս հրաւիրուած ենք այդ հարսանիքին, որպէսզի նոր գինին երբեք չսպառի։








All the contents on this site are copyrighted ©.