2016-06-08 14:06:00

Քիւրտերը Մարտինի մէջ Թրքական ոստիկանատան դիմաց պայթում իրականացուցած են


Չորեքշաբթի առաւօտեան «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) զինեալները Թուրքիոյ քրտաբնակ Մարտին նահանգի Միտեաթ շրջանի ոստիկանական բաժանմունքին դիմաց պայթեցուցած են ինքնաշարժ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Turkiyegazetesi» թերթին կայքը։

Պայթումին հետեւանքով սպաննուած են ոստիկան մը եւ քաղաքացի մը, վիրաւորուած աւելի քան 20 մարդ, որոնց մէջ կան նաեւ ոստիկաններ:

Պայթումէն ետք թուրք անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ PKK-ի գրոհայիններու միջեւ սկսած է փոխհրաձգութիւն: Դէպքի վայր մեկնած են մեծ թիւով շտապ օգնութեան մեքենաներ, ինչպէս նաեւ թրքական ոստիկանութեան օժանդակ ուժեր:

Կը նշուի, որ պայթումին եւ սկսած փոխհրաձգութեան  հետեւանքով մեծ վնաս հասցուած է յարակից շարք մը շէնքերու








All the contents on this site are copyrighted ©.