2016-06-08 09:52:00

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքութիւնը բարի Ռամատան կը մաղթէ իսլամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ցնցիչ բռնութիւններու թիրախ` Միջին Արեւելքի մը մէջ, Աստուծոյ  կ՛աղաչենք որ օգնէ մարդիկը, մէկը միւսը յարգելու համար, աղօթելու եւ քաջութիւն ցուցաբերելու այնպէս որ ատելութիւնն ու անարդարութիւնները, քաղաքակրթութեան այս օրրանին մէջ, օրէնք չի դառնան'' այս կը կարդանք Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութեան Իսլամներու Ռամատանի տօնին առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է թէ ''Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքութիւնը, կղերն ու հաւատացեալները, ծոմապահութեան ու աղօթքի ամսուայ առթիւ իսլամ հասարակութեան ամենաբարի մաղթանքները կը փոխանցեն։

Հաղորդագրութեան մէջ պարունակուած է ապա յատուկ անդրադարձ ''ողբացեալ'' Սուրիոյ եւ Իրաքի, ինչպէս նաեւ  Եգիպտոսի` որ կը պայքարի դուրս գալու քաղաքական դժուար կացութենէ, ու նաեւ Յորդանանի եւ Լիբանանի որոնք կը տառապին իրենց հողերու վրայ հիւրընկալուած մեծաթիւ գաղթականներու ներկայութենէն, հուսկ Սուրբ Երկրին ուր բռնութեան յարատեւ մագլցումը հակամարտութեան նոր մտավախութիւն մը կը յառաջացնէ։

Պատգամի աւարտին Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքութիւնը զօրավիգ կը կանգնի բոլոր ''քաղաքական, մարդկայնական եւ  կրօնական ձեռնարկներուն, որոնք կը ձգտին զէնքերու շառաչ լռեցնել ու խաղաղութիւն հաստատել Միջին Արեւելքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.