2016-06-08 13:48:00

Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի ''մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար''' ձեռնարկը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 8 Յունիս 2016-ի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորները, յատուկէն անդրադարձ կատարեց Իտալացի Բանուորական շարժում ''Ացցինոնէ Քաթթոլիաքայի'' ''մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար'' խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի ձեռնարկին, որ նշուցեաւ այսօր` աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ, Վատիկանի մէջ կայացած Իսրայէլի նախագահ` Շիմոն Փերերսի եւ Պաղեստինեան Պետութեան նախագահ Ապու Մազէնի միջեւ հանդիպումի երկրորդ տարեդարձին առթիւ։

Այս երկրորդ տարին է որ Ացցիոնէ Քաթթոլիքա շարժումը կը ձեռնարկէ խաղաղութեան աղօթքի այս միջոցառումը, համագործակցութեամբ Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։

Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրատապ հրաւէրին երբեք չյոգնիլ խաղաղութեան ի սպաս աղօթք բարձրացնելէ եւ խաղաղութեան ի սպաս գործելէ, ''Մէկ Վայրկեան խաղաղութեան համար'' ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը հրաւիրուած են, չորեքշաբթի 8 յունիսի ժամը 13-ին, այնտեղ ուր որ ալ գտնուին, կանգ առնել ու խաղաղութեան համար մէկ վայրկեան աղօթք բարձրացնել առ Աստուած։  

Աղօթք խաղաղութեան համար եւ աղօթք հակամարտութիւններու բոլոր զոհերուն համար ու այս տարի յատկապէս աղօթք` բոլոր գաղթականներուն ու փախստականներուն համար, որոնք կը բախեն մեր երկրին դռները. բոլոր այս անհատներուն կ՛ընկերանանք աղօթքով անոնց ըսելու համար որ միայնակ չեն ու վերահաստատելու մեր յանձնառումը ի սպաս հիւրընկալութեան եւ զօրակցութեան յայտնած է Արժանթինի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի արդարութիւն ե խաղաղութիւն յանձնախումբի ներկայացուցիչ` Տիար Էմիլիօ Ինզուրրակա։  








All the contents on this site are copyrighted ©.