2016-06-07 12:08:00

''Քրիստոնեային ուժանիւթը աղօթքն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս սփռելու համար Քրիստոնեային ուժանիւթը աղօթքն է հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։ Ան ապա շեշտեց թէ յաղթահարելու ենք ''հայելիին հոգեբանութիւնը'' որով յանձնառու ենք մենք զմեզ լուսաւորելու եւ ոչ թէ այլուր տանելու հաւատքին լոյսը։

Լոյս եւ աղ։ Յիսուս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ դիւրին բառեր կը գործածէ եւ դիւրին համեմատութիւններ կ՛ընէ որպէսզի ամէնքը հասկնան իր պատգամը։ Ասոնց շարքին է նաեւ քրիստոնեային լոյս եւ աղ ըլլալը, որովհետեւ ասոնցմէ եւ ոչ մէկը ինքնիրեն համար է. Լոյսը կը ծառայէ ուրիշը լուսաւորելու եւ աղը համ տալու ուրիշին եւ պահպանելու զայն։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը հարցադրէ ''Ո՞րն է քրիստոնեային լոյս սփռելու ուժանիւթը'' ու կը պատասխանէ ''պարզօրէն աղօթքն է''։ Դուն կրնաս բարեսիրական եւ ողորմածութեան ներգործութիւններ կատարել, դուն կրնաս եկեղեցւոյ համար վիթխարի բաներ իրագործել եւ մի գուցէ քեզի համար արձան մըն ալ կը կառուցեն որպէս բարերար, սակայն եթէ չ՛աղօթես այդ մէկը կը մնայ մռայլութեան մէջ։

Քանի գործեր կը մնան մթութեան մէջ, լոյսի պակասէն, աղօթքի պակասէն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ ''Աղօթքը լոյս կու տայ քրիստոնէական կեանքին։ Աստուծոյ հանդէպ պաշտամունքի աղօթքը, Երրորդութեան փառաբանութիւնը, գոհաբանական աղօթքը եւ նոյնիսկ խնդրանքի աղօթքը ուղղուած Տիրոջ, սրտի աղօթքը'' ասոնք են որոնք կը լուսաւորեն։ Ասոնք ենք Քրիստոնեային ուժանիւթը։

Աղն ալ ինքնիրեն համար չէ եղած։ Աղը աղ կը դառնայ երբ կը նուիրուի, եւ այս մէկը քրիստոնեային վարուելակերպերէն  մին է` նուիրուիլ, ուրիշներուն կեանքը համեմել Աւետարանի պատգամով։ Աղը չէ վերապահուած քրիստոնեային` այլ քրիստոնեան զայն ունի նուիրելու համար ուրիշներուն։ Ըլլայ լոյսը ըլլայ աղը ուրիշներուն վերապահուած են։

''Լոյսը ինքզինք չի լուսաւորեր եւ աղը ինքզինք չի համեմեր'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու կոչ ուղղեց Լուսաւորելու լոյսով եւ պաշտպանուելու մենք զմեզ լուսաւորելու փորձութենէն, զգուշացնելով նաեւ ''հայելիի հոգեբանութենէն''։

Եղիր լոյս եղիր աղ ուրիշներուն համար ըսաւ Սրբազան Հայրը, ու հրաւէր ուղղեց վերադառնալու Անոր` որ մեզի պարգեւեց այդ լոյսն ու աղը` մեր Երկնաւոր Հօր։

Թող որ Տէրը օգնէ մեզի խնամք տանելու այդ լոյսին ու զայն թաքուն չպահելու ինչպէս նաեւ օգնէ աղը պարգեւելու պէտք եղածին չափ, որպէսզի աճի։ Ահա ասոնք են քրիստոնեային բարի գործերը եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.