2016-06-07 13:22:00

Պայթում Սթամպուլի մէջ. կան զոհեր


Սթամպուլի մէջ կառատան մը մօտ տեղի ունեցած է պայթում, կան զոհեր եւ տուժածներ, կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը տեղական լրատուամիջոցներու յղումով: Միջադէպը տեղի ունեցած է կեդրոնական Վեզնեջիլեր թաղամասին մէջ:

Ըստ BBC-ի տուեալներուն, զոհուած է 11 մարդ, տասնեակ վիրաւորներ կան: Զոհուածներէն 7-ը ոստիկան է, 4-ը` խաղաղ բնակիչ: Պայթումին պատասխանատուութիւնը դեռ ոչ ոք ստանձնած է:

Ըստ լրագրողներու, հաւանաբար, պայթումին թիրախը եղած է ոստիկանական մեքենան: Դէպքը տեղի ունեցած է առաւօտեան։ Պատահարի վայր ժամանած են շտապ օգնութեան մեքենաներ։

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.