2016-06-07 10:54:00

Մաչերաթա – Լորեթօ 38-րդ հետիոտն ուխտագնացութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ շաբաթ` 11 յունիս 2016-ին երեկոյեան 8.30-ին, Անքոնա-Օզիմօ թեմին եպիսկոպոս ` գերապայծառ Էտոարտօ Մենիքելլիին գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեամբ բացումը կը կատարուի Մաչերաթա – Լորեթօ հետիոտն ուխտագնացութեան 38-րդ փուլին, որուն 2016- տարուայ նշանաբանն է ''Դուն մէկ հատիկ ես'' եւ որ կը յատկանշէ Յիսուսի հայեացքը ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրիս­, որով Ան կ՛ուզէ արժէքաւորել մեզմէ ամէն մին ու այնպէս ընել որ այս գանձերէն եւ ոչ մէկը կորուստի մատնուի։ 

Մաչերաթա – Լորեթօ 38-րդ հետիոտն ուխտագնացութեան առթիւ, չորեքշաբթի 8 յունիսի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի օրհնէ ուխտագնացութեան ''խաղաղութեան Ճրագը'' որ ապա պիտի առաջնորդէ Մաչերաթայէն դէպի  Լորեթոյի մարեմեան սրբավայր ընթացող ուխտաւորները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.