2016-06-07 08:40:00

Գերապայծառ Մինասեան ''Կը պատրաստուինք լաւապէս ընդունելու Ֆրանչիսկոս Պապը''


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 24 -26 Յունիս, Հայաստանը պիտի ապրի պատմական օրեր իր հողին վրայ ընդունելով Հայասէր Քահանայապետը` Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Ֆրանչիսկոս Պապը։ Ճամբորդութեան նախօրեակին նախապատրաստական աշխատանքներ կը շարունակուին անընդհատ­ եւ այս առընչութեամբ առիթը ունեցանք հանդիպելու Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ ու Արեւելեան եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին հետ որ ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան նպատակը ու խօսեցաւ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս նախատեսուած մի քանի այցելութիւններու մասին, վստահեցնելով որ համայն հայ ազգը կը պատրաստուի ամենալաւ ձեւով ընդունելու Ֆրանչիսկոս Պապը ու մաղթանք յայտնելով որ Նորին Սրբութիւնը Վատիկան վերադառնայ տպաւորուած ու բարի յիշատակներով։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.