2016-06-06 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 6 յունիսի քարոզը՝՝Երանութիւնները կողմնացոյցն են քրիստոնէական կեանքին


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 6 յունիս 2016-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս  Պապ հաստատեց թէ  Ապրիլ եւ հետեւիլ երանութիւններուն կը նմանի ''կողմնացոյցի'' մը, որ ցոյց կու տայ կեանքի ուղեւորութեան ընթացքը։ Քահանայապետը ապա հրաւիրեց  խուսափիլ  Քրիստոնէական հաւատքի ''հակա-օրէնք'' երեք  կռապաշտութիւններէն` դրամասիրութիւն, ունայնութիւն եւ եսասիրութիւն։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ՝քաղուած Մատթէոսի Աւետարանէն եւ ուր կը խօսուի լերան քարոզի մասին ուր Յիսուս խօսեցաւ երանութիւններուն մասին, Սրբազան հայրը հաստատեց թէ երանութիւնները Տիրոջ կողմէ  մեզի տրուած նոր օրէնքներն են, անոնք՝ կողմնացոյցն են քրիստոնէական կեանքին։

Քահանայապետը  ապա ակնարկեց Ղուկասի աւետարանին մէջ պարունակուած ''Վայ'' երուն, որոնք  Քրիստոնէական կեանքի հակառակ են,  ''վայ ձեզի հարուստներ, վայ ձեզի որ հիմա յագեցած էք, վայ ձեզի որ հիմա կը խնդաք վայ ձեզի , որ մարդիկ լաւ կը խօսին ձեր մասին (Ղուկ 6, 24) ։Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ ինք բազմաթիւ անգամներ ըսած է թէ ''հարստութիւնները բարի են'' սակայն այն ինչ որ լաւ չէ հարստութիւններուն կապուիլն է ու դրամասիրութիւնն է։

Ասոնք ըսաւ Սրբազան հայրը հակառակ են օրէնքին եւ սխալ կողմնացոյցն են քրիստոնէական կեանքին

Սրբազան Հայրը իր քարոզի աւարտին շեշտը դրաւ Յիսուսի ''Երանի հեզերու''  խօսքին վրայ։ Յիսուս ըսաւ Քահանայապետը ինքն իր մասին կ՛ըսէ ''Սորվեցէք ինձմէ, որ հեզ ու խոնարհ եմ սրտով''։ Հեզութիւնը վարուելակերպ մըն  որ մեզ կը մօտեցնէ Յիսուսին։ Մինչ՝ հակառակ վարուելակերպը,  պատերազմներ եւ թշնամութիւններ կը յառաջացնէ։

Հեզ սիրտը անիմաստ իրողութիւն մը չէ` ոչ,  անիկա խորաթափանցութիւնն է հասկանալու համար Աստուծոյ մեծութիւնը, անիկա   պաշտամունք է ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.