2016-06-06 10:21:00

Սուրիական բանակը մտաւ Ռաքքա նահանգ


Սուրիական բանակը անցած է Ռաքքա նահանգին սահմանը: Այս մասին կը հաղորդէ Լոնտոնի մէջ գտնուող Մարդու իրաւունքներու սուրիական կեդրոնը:

Սուրիական բանակը Ռաքքա նահանգ մտած է ռուսական զինուորական օդուժի հարուածներուն օժանդակութեամբ: Հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ուրբաթ օր ռուսական օդուժը ուժգին կերպով հարուածներ հասցուցած է Համա նահանգին, որ նոյնպէս կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.