2016-06-06 10:15:00

Ռայի Պատրիարք. ''Պետութիւնը կարելի չէ հիմնել առանց հանրապետութեան նախագահի''


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզով շեշտեց, որ ընտանիքներու, ընկերութիւններու եւ պետութիւններու միջեւ արձանագրուած տագնապներուն հիմքը Աստուծոյ հետ ոչ հեզասահ յարաբերութեան գոյութիւնն է:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը հետեւանք է երկրին սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը ճշգրիտ կերպով չգործադրելուն:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ երեսփոխաններուն պարտականութիւնն է ընդունիլ այդ սխալը եւ փորձել վերականգնել լիբանանեան պետութիւնը:

«Սակայն պետութիւն եւ պետական հաստատութիւններ կարելի չէ հիմնել առանց հանրապետութեան նախագահի», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան ակնարկեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակին` հաստատելով, որ պէտք է Միջին Արեւելքի մէջ արդար, մնայուն եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատել` տունդարձի առիթ տալով գաղթական ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.