2016-06-06 10:05:00

Հայաստանը կը դատապարտէ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու շարունակական ռմբակոծումները


ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան խօսած է Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու շարունակական ռմբակոծումներուն մասին` ըսելով. «Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ  Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու շարունակական ռմբակոծումները, որոնք մարդկային զոհերու եւ աւերածութիւններու պատճառ կը դառնան:

«Վերջին օրերուն կատարուած յարձակումներուն  պատճառով զոհուած են չորս հայեր, լրջօրէն վնասուած են հայկական ծերանոցը, հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Երրորդութիւն` «Զուարթնոց» եկեղեցին, գիտակրթական, պատմամշակութային եւ քաղաքացիական նշանակութեան շարք մը այլ շինութիւններ:

«Սուրիական ճգնաժամի լուծման գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու հիմնական նախապայմանը զինուորական գործողութիւններու եւ բռնութեան անյապաղ դադրեցումն է», նշած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.