2016-06-06 12:35:00

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին Թուրքիան կ՛այցելէ 10-12 Յունիս 2016։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովը կը տեղեկացնէ թէ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի` Կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, ընդունելով Բիւզանդական եկեղեցւոյ նորընտիր եպիսկոպոս եւ Բիւզանդական եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն առաքելական յանձնակատար գերապայծառ Ռուբեն Թիերրապլանքա Կոնզալէսի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը նախագահելու հրաւէրը, յառաջիկայ օրերուն կը մեկնի Իսթանպուլ։

Իր կեցութեան ընթացքին` շաբաթ 11 Յունիս 2016-ին, ընդառաջելով Բարթողոմէոս Պատրիարքի հրաւէրին, ծիրանաւորը Ֆանարի մէջ­ կը մասնակցի Սուրբ պատարագի արարողութեան, որ կը զուգադիպի Տիեզերական Պատրիարքի անուանակոչութեան տօնին ։

Շաբաթ յետմիջօրէին Կարդինալ Սանտրի` Լատիններու Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Իզմիրի եպիսկոպոսին եւ Անատոլիայի Առաքելական տեղակալին հետ միասին կը գլխաւորէ եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը։

Կիրակի 12 Յունիսին Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովին կառավարիչը աղքատներու փոքրիկ քոյրիկներու ''Ma Maison'' կեդրոնատեղիին մէջ, այնտեղ հիւրընկալուած տարեցներու եւ այս առթիւ այնտեղ ժամանած գաղթականներու մէկ խումբի մը ներկայութեամբ, կը գլխաւորէ կիրակնօրեայ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին սիրոյ սեղանը կը բաժնեկցի Թուրքիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, որոնց շարքին է նաեւ Արհ գերապայծառ Լեւոն Զէքիյեանը։

Իր կեցութեան ընթացքին Կարդինալ Սանտրի հիւրը պիտի հանդիսանայ Քահանայապետական Նուիրակութեան որ եղած է նաեւ Թուրքիոյ երբեմնի  առաքելական տեղապահ ու ապագայի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապ` Կարդինալ Անճելօ Ռոնքալլիի բնակավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.