2016-06-05 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը սրբադասման Սուրբ Պատարագի Զոհի ընաթցքին


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 5 յունիս 2016-ի՝ առաւօտուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նախագահեց  երանելի Սնթասիլավօ Տի Ժէզու Մարիա եւ Երանելի Մարիա Էլիզապեթթա Հեսսելպլատի սրբադասման Սուրբ Պատարագի  արարողութեան։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազն Հայրը ըսաւ

՝՝Աստուծոյ խօսքը, որ լսեցինք այսօր, մեզ կ՝առաջնորդէ հաւատքի կենդրոնական իրականութեան մէջ – Աստուծոյ յաղթանակը՝ մահուան վրայ։ Աւետարանի խօսքը մեզ կը յորդորէ մնալ միացած Յիսուսի չարչարանքներուն՝ որպէսզի մեր մէջ յայտնուի յարութեան զօրութիւնը։

Յիսուսի յարութեան մէջ կը յայտնուի Աստուծոյ պատասխանը՝ մարդու յուսահատ աղաղակին։ Պէտք չէ փախուստ տալ խաչէն, այլ պէտք է մնալ խաչին մօտ՝ ինչպէս ըրաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ, որ տառապեցաւ Յիսուսի հետ եւ ստացաւ յոյսի շնորհքը։

Այս եղած է նաեւ Սթանիսլաօ տի Ճեզու Մարիայի եւ Մարիա Էլիզապէթթա Հեսսելպլատի փորձառութիւնը, որոնք այսօր կը սրբադասուին։ Անոնք մտերմութեամբ մնացին Յիսուսի չարչարանքներուն միացած։ Ասոր համար անոնց մէջ յայտնուեցաւ յարութեան զօրութիւնը։

Օրուան առաջին ընթերցուածը մեզի կը պատմէ Եղիա Մարգարէի կատարած հրաշքը իսկ Աւետարանը Յիսուսի կատարած հրաշքը, ուր երկու պարագաներուն ալ մահացած մանուկ մը կրկին կեանք կը ստանայ։ (Ա. Թագ ԺԷ. 19 եւ Ղուկ Է. 11-17)

Աստուծոյ փափկալիր մօտեցումը մեզի իր ամբողջութեամբ կը յայտնուի Յիսուսի անձին մէջ։ Յիսուս կախարդ մը չէ, երբ կը յարուցանէ մանուկը։ Ան Աստուծոյ քնքշութեան մարմնացումն է. Անոր մէջ կը գործէ Հօր Աստուծոյ անսահման կարեկցութիւնը։

Նաեւ Պօղոս Առաքեալի դարձը կերպով մը յարութիւն կարելի նկատել։ Ան նախապէս կը հալածէր քրիստոնեաները եւ ապա եղաւ վկայ եւ մունետիկ Աւետարանի։ (հմմտ. Գաղ Ա. 13-17) Պօղոս Առաքեալ կը գրէ՝ Աստուած զիս մօրս որովայնէն ընտրեց եւ իր շնորհքով կոչեց զիս, որպէսզի Որդին իմ մէջս յայտնուի եւ ես հեթանոսներուն քարոզեմ զԱյն։ (հմմտ Գաղ Ա. 15-16) Արդ, առաքեալը ոչ միայն կը քարոզէ՝ այլ իր կեանքով կʼըլլա վկայ Քրիստոսի։

Նաեւ մեղաւորներուն մէջ Յիսուս անդադրուն կերպով կը ցոլացնէ շնորհքի յայղթանակը։ Ան Եկեղեցւոյ ուղղելով խօսքը կʼըսէ՝ «Տուր ինծի զաւակներդ», ինչպէս Եղիա Մարգարէն կը խօսէր այրի կնոջ՝ անոր մանուկը կեանքի վերակոչելէ առաջ։ Յիսուս իր վրայ կʼառնէ մեր մեղքերը, կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ կրկին Եկեղեցւոյ կը յանձնէ՝՝։

 

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.