2016-06-05 12:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 5 յունիս 2016-ի՝ կէսօրին, յաւարտ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահած,  սրբադասման Սուրբ պատարագի արարողութեան , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը կատարելէ  առաջ, ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող բոլոր ներկաները, որոնք մասնակցած էին արարողութեան, յատկապէս ներկայ պատուիրակութիւնները՝ որոնք զանազան երկիրներէ ժամանած էին սրբադասման համար։ Քահանայապետի յատուկ ուշադրութեան արժանացան բազմաթիւ ուխտաւորները եւ նուագախումբերը, որոնք ներկայ էին հրապարակի վրայ։

Ապա Սրբազան Հայրը  կոչ ուղղեց աղօթքով դիմել Սուրբ Կոյս Մարիամի, որ մեզ միշտ սրբութեան ճանապարհին վրայ առաջնորդէ եւ մեզի օգնէ օր ըստ օրէ կերտելու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.