2016-06-05 13:17:00

Սուրբ հռչակուեցան երանելի Սթանիզլաօ Տի Ժէզու Մարիա եւ երանելի Մարիա Հեսսելպլատ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 5 յունիս 2016-ի՝ առաւօտուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նախագահեց երանելի Սթանիզլաօ Տի Ժէզու Մարիա եւ Երանելի Մարիա Էլիզապեթթա Հեսսելպլատի սրբադասման Սուրբ Պատարագի  արարողութեան։

Երանելի Սթանիզլաօ, աւազանի անունով Ճովաննի, հիմնած է Անարատ Յղութեան  կղերիկոսներու միաբանութիւնը։  Ան ծնած է 8 մայիս 1631-ին, եւ վախճանած է 17 սեպտեմբեր 1701-ին։

Երանելի Մարիա Էլիզապեթթա Հեսսելպլատ հիմնած է Սրբուհի Պրիճիտայի Սուրբ Փրկիչ անուան միաբանութիւնը։ 

Ան ծնած է Շուետի մէջ  Լուտերական ընտանիքի յարկին տակ։ Մանուկ հասակին՝ դպրոցական շրջանին, իր ուսերուն վրայ զգացած է եկեղեցիներու միջեւ բաժանումի ծանրութիւնը, եւ ամէն օր աղօթած է եկեղեցիներու միութեան համար։

Երանելի Մարիա գործ փնտռելու նպատակով Ամերիկա կը մեկնի՝ եւ հոն ծանր հիւանդութեան մէջ կ՝իյնայ։ Բուժուելէ ետք, Աստուծոյ խոստացած ուխտը կատարելու համար, Նիւ Եորքի հիւանդանոցի մը մէջ որպէս հիւանդապահուհի  ծառայութիւն կը մատուցանէ  հիւանդներուն։

Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ, հոգեւոր հօր առաջնորդութեամբ երանելի Մարիա` կաթողիկէ վարդապետութիւնը սորվելէ ետք կը մկրտուի՝ 15 օգոստոս 1902ին։ Յաջորդ տարին, Հռոմ քաղաք կը վերադառնայ եւ  կ՝այցելէ   Շուետացի Սրբուհի Պրիճիտայի բնակարանը ։ Ան պարտականութիւնը կը զգայ շարունակելու սրբուհի Պրիճիտայի գործունէութիւնը։ Այնուհետեւ՝  Կարմեղեան միաբանութեան վանք կը մտնէ, եւ հոն կ՝անցընէ իր կեանքին մնացած օրերը,  որուն ժամանակամիջոցին կը  վերակազմակերպէ եւ կը  վերականգնէ  աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ Պրիճիտեան միաբանութեան վանքերը։ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի շրջանին երանելի Մարիա ապաստան գտած է հալածանքէ փախուստ տուող հրեաներուն։ 

Ան վախճանած է Հռոմ՝ 24 ապրիլ 1957-ին։ Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ 9 ապրիլ 2000-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.