2016-06-04 13:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Առաքելութիւններու կազմակերպութեան համագումարի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 4 Յունիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն տուաւ Առաքելութիւններու Քահանայապետկան Կազմակերպութեան համագումարի մասնակիցներուն։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ներկաները, որոնց կարգին ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի Ժողովուրդներու Աւետարանման Ժողովի աշխատակիցները։

Այս տարի Առաքելութիւններու Քահանայապետական Միութիւնը, կը բոլորէ իր հարիւրամեակը։ Այս միութիւնը ներշնչուած էր Երանելի Փաօլօ Մաննայէն, որ քահանայ առաքեալ մըն էր։ Ասոր համար Սրբազան Պապը մօտէն անդրադարձաւ Երանելի Փաօլօ Մաննայի գործունէութեան եւ անոր աւանդին։

Առաքելութեան գործունէութիւնը Եկեղեցին կը պահէ հաւատարիմ՝ Աստուծոյ փրկչագործ կամքին։ Ասոր համար, պէտք է Առաքելութիւններու Քահանայապետական Կազմակերպութեան ազգային տնօրէնները հոգ տանին եւ բծախնդրութեամբ տնտեսեն նիւթական օգնութիւններու հաւաքը եւ բաշխումը՝ ի նպաստ շատ մը եկեղեցիներու եւ շատ մը կարիքաւոր քրիստոնեաներու։ Անոնց պարտականութեան ուղն ու ծուծն է՝ քարոզչութեան համար կատարուած մնայուն կազմաւորումը, որ ուղղուած է բոլորին՝ հաւատացեալ աշխարհականներու, հովիւներու, հին եւ երիտասարդ Եկեղեցիներու՝ կատարուած ողջ Եկեղեցւոյ քարոզչական ինքնութեան ծառայելու եւ զայն սնուցանելու նպատակով։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ այս կապակցութեամբ մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրեց նոր կազմուած Եկեղեցիներու վրայ, որոնք Եկեղեցւոյ մէջ նոր շունչ մը կը բերեն. եւ զգուշացուց մարդորսութենէ։

Սրբազան Պապը փակեց իր խօսքերը, ներկաներու ծառայութիւնը ապաւինելով Աստուածածնի՝ Առաքելութիւններու Թագուհիին, Սուրբ Պետրոսի, Սուրբ Պօղոսի, Սուրբ Կուիտօ Քօնֆօրթիի եւ Երանելի Փաօլօ Մաննայի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.