2016-06-04 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զեկոյցը Սարկաւագներու Միջազգային Կենդրոնի պատուիրակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, Յունիս 4ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զեկոյց մը տուաւ Սարկաւագներու Միջազգային Կենդրոնի պատուիրակութեան, կենդրոնի հիմնադրութեան 50ամեակին առիթով, որ կատարուած էր նախորդ տարւոյն վերջաւորութեան։

Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ Ողորմածութեան տարւոյն մէջ անոնց կատարած ուխտագնացութիւնը կը շեշտէ եւ գիտակցութիւնը վերստին կը հրաւիրէ մեր ծառայութեան մէջ դրսեւորուած ողորմածութեան իմաստին վրայ։

Յիսուս իր առաքեալներուն պատուէր տուաւ՝ “Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէք զիրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ այնպէս սիրեցէք զիրար” (Յովհ ԺԳ. 34)

Յիսուս Ինքն է “Նոր”ը։ Ան մեզի օրինակ մը տուաւ, որպէսզի մենք ալ գործենք այնպէս՝ ինչպէս Ինք գործեց։ (հմմտ Յովհ ԺԳ. 15) Սիրոյ պատուիրանը Յիսուսի թողած ժառանգն է, որ տուաւ իր առաքեալներուն ոտնլուայէն ետք։ Ան շեշտեց՝ “սիրեցէք զիրար, այնպէս ինչպէս ես ձեզ սիրեցի” (Յովհ ԺԵ. 12)

Սիրոյ պատուիրանին մէջ Յիսուսի աշակերտները կը կատարեն այն առաքելութիւնը, որուն համար Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած է։ Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ առաքեալները կ’ըմբռնեն, որ այս պատուիրանը կը բովանդակէ ծառայութիւնը՝ եղբայրներու եւ քոյրերու հանդէպ։ Առաջին քրիստոնեաներու կարիքները շօշափելի կերպով հոգալու համար՝ առաքեալները Սրկաւագներ կ’ընտրեն իբր ծառայողներ։ Սարկաւագները կը շեշտաւորեն Յիսուսի պատուիրանը՝ Աստուծոյ նմանելով՝ ուրիշներու ծառայութեան մէջ. նմանիլ Աստուծոյ, որ Սէրն է, եւ Իր Սիրոյն մէջ ա´յնքան յառաջ կ’երթայ, որ նոյնիսկ մեզի կը ծառայէ։ Աստուծոյ գործելակերպը համբերատար է, բարեացակամ, կարեկցող եւ պատրաստակամ մեզ բարելաւելու։ Այդ գործելակերպը յատկանշական պէտք է ըլլայ նաեւ Իր ծառաներուն համար։

Սարկաւագները, առօրեայ կեանքին մէջ, Եկեղեցւոյ Դիմագիծն են, յարեց Սրբազան Պապը։ Դիմագիծը այն հասարակութեան, որ մարդոց մէջ կ’ապրի եւ ուր ոչ թէ մեծը՝ այլ փոքրն է որ կը հրամայէ (հմմտ Ղուկ ԻԲ. 26)

Ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մաղթեց, որ Տէրը օրհնէ Սրկաւագները իրենց ծառայութեան մէջ, եւ առաջնորդէ զանոնք միշտ աւելի խոր հաւատքի՝ որպէսզի կարենան ապրիլ ուրախութեամբ եւ նուիրումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.