2016-06-04 14:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց Քաթարի Շէյխուհիին ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ. 4 յունիս 2016-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ նշեց,  թէ այսօր՝ շաբաթ 4 յունիսին,  Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց  Քաթարի մէջ  դաստիարակութեան, գիտութեան եւ  համայնքային զարգացման հիմնարկի  նախագահ՝ Քաթարի շէյխուհի Մոզա Պինէ Նասերին։

Շուրջ 30 վայրկեան տեւող հանդիպումին ընթացքին, Քաթարի շէյխուհին Սրբազան հօր տուած  է տեղեկութիւններ՝ իր անթիւ գործունէութիւններուն մասին՝ ընկերային եւ դաստիարակչական զարգացման ծիրէն ներս՝ ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ,  ինչպէս նաեւ՝  տեղեկութիւններ տուած է  դժուարին կացութեան եւ հակամարտութեան  տարածաշրջանի մէջ գտնուող դպրոցներու մասին։

Քաթարի շէյխուհին , Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրած է արաբերէն լեզուով ձեռագիր աւետարանի հատոր մը։ Ֆրանչիսկոս Պապը իր կարգին  նուիրած է ՝՝Գովեալ Ըլլաս արաբերէն լեզուով թարգմանուած իր  շրջաբերական թուղթը։

Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպումէն ետք, Քաթարի շէյխուհին Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած է Վատիկանի Պետական Քարտուղարի տեղակալ՝ գերապայծառ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուի հետ, որուն ընկերացած է Գերապայծառ Միքայէլ Քրոթթին։ Հանդիպումի նիւթ հանդիսացած է Քաթարի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան իրավիճակը։ 

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ , առաքելական ն Պալատին մէջ Քաթարի շէյխուհին նախագահած է Վատիկանի առաքելական մատենադարին եւ Քաթար  դաստիարակութեան, գիտութեան եւ համայնքային զարգացման  հիմնարկի միջեւ Քաթարի Ազգային գրադարանի  հաշւոյն համաձայնագիրի ստորագրութեան  արարողութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.