2016-06-04 13:44:00

Մանկամոլութեան դէպքերու հանդէպ անփոյթ գտնուած եպիսկոպոսներու պաշտօնազրկում


(Ռատիօ Վատիկան)Շաբաթ,4 Յունիս 2016 ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց Ինքնաբուխ Գիրը, Motu proprio, ըստ որուն պէտք է պաշտօնազուրկ ըլլան այն եպիսկոպոսները, որոնք անփոյթ գտնուած են մանկամոլութեան դէպքերու հանդէպ եւ չեն առած հարկաւոր քայլերը խափանելու կամ քննարկելու եւ դատապարտելու այդպիսի դէպքեր։ Պէտք է նկատի առնել, որ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան մէջ կան արդէն ծանրակշիռ դէպքեր, ուր կը նախատեսուի եկղեցական իշխանաւորի (եպիսկոպոս, առաջնորդ, մեծաւորներ) հեռացումը իր պաշտօնէն։ Ներկայ հրապարակումին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ 5 յօդուածներու մէջ կը նշէ Սուրբ Աթոռի իրաւասու Ժողովները, որոնք պիտի քննարկեն նման հարցեր. սակայն վերջնական վաւերացումը կամ որոշումը կը մնայ Սրբազան Քահանայապետին։

Սուրբ Աթոռին համար էական խնդիր մըն է անչափահասներու ապահովութիւնը եւ պաշտպանութիւնը, ուր եպիսկոպոսներու, առաջնորդներու եւ կրօնաւորական հաստատութիւննեու մեծաւորներու պատասխանատուութիւնը կը շեշտուի։ Սրբազան Պապը իր գրութեան մէջ յիշատակում կը կատարէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի Sacramentum Sanctitatis Tutela Ինքնաբուխ Գիրին, ուր արդէն կը յիշուէին եւ կը դատապարտուէին չարաշահումի այլ դէպքեր։ Նաեւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը յաւելեալ կարգաւորումներ կատարած էր այս հարցերու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.