2016-06-04 10:00:00

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհակալական նամակ յղած է գերմանիոյ պունտեսթակի նախագահին


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ  յղած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերտին եւ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնած Յունիս 2-ին Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ:

Իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը, բարձրօրէն արժեւորելով պատմական արդարութեան վերականգնման ի նպաստ Գերմանիոյ քաղաքական ու հասարակական գործիչներու եւ ողջ ժողովուրդի արտայայտած բարի կամքը, մասնաւորապէս ընդգծած է. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմանն ու դատապարտմանն ուղղուած այս բանաձեւը կարեւոր քայլ է ոչ միայն հայ ժողովրդի նկատմամբ 20-րդ դարասկզբին գործուած եղեռնագործութեան պատմական իրողութիւնը վերստին փաստելու, այլեւ կանխարգելելու այդօրինակ ոճիրների կրկնութիւնը պատմութեան մէջ: Կայացուած որոշումը մեծ վկայութիւն է եւ հրաւէր համայն աշխարհին` ընդվզելու եւ մերժելու երկրագնդի տարբեր անկիւններում մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքների առնչութեամբ դրսեւորուող ժխտողական քաղաքականութիւնը:

Ի դէմս Ձեզ, Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքն ենք յղում Գերմանիայի Պունտեսթակի անդամներին եւ բարեսէր ողջ ժողովրդին` մաղթելով անկոտրում կամք եւ նախանձախնդրութիւն մարդկային համընդհանուր արժէքների եւ իրաւունքների պաշտպանութեան աստուածահաճոյ առաքելութեան








All the contents on this site are copyrighted ©.