2016-06-03 08:54:00

Քրիստոնեաներու եւ հրեաներու միասնական հաղորդագրութիւն գաղթականներու օրուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ շաբաթ 18 եւ կիրակի19 յունիս 2016-ին  Զուիզերիոյ մէջ կը նշուի գաղթականներու օրը ։ Այս ծիրէն ներս զուիցերիոյ քրիստոնեաներն ու հրեաները, հրապարակեցին  միասնական  յայտարարութիւն  մը ,  որուն մէջ նշուած է թէ Գաղթականներու հսկայական հոսանքին նկատմամբ , Եւրոպան եւ Զուիցերիան պարտաւոր են միասնաբար դիմագրաւել հսկայ մարտահրաւէրները։

Միասնական  յայտարարութիւնը ստորագրած են Զուիցերիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, Զուիցերոոյ Աւետարանական եկեղեցիներու դաշնակցութիւնը, տեղական կաթողիկէ եկեղեցին ինչպէս նաեւ հրեաներու հասարակութեան Զուիցերական դաշնակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.