2016-06-03 11:35:00

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները համաձայնած են հանդիպելու յունիսին։


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ) եւ Փիեռ Անտրէօ (Ֆրանսա) Մայիս 31-­ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ Յունիս 2-­ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ հանդիպումներու արդիւնքներով յայտարարութիւն տարածած են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»­-ը, համանախագահները յայտարարութեան մէջ նշած են, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած է Վիեննայի մէջ Մայիս 16-­ին տեղի ունեցած գագաթնաժողովի ժամանակ ընդունած որոշումներու կեանքի կոչման հարցը:

«Նախարարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով: Համանախագահները նախարարներուն ներկայացուցած են փաստաթուղթեր ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի լիազօրութիւնները ընդլայնելու եւ ԵԱՀԿ հետախուզական մեքանիզմներ ներդնելու հարցին շուրջ:

Նախարարները հաստատած են նախագահներու համաձայնութիւնը` Յունիսին իրականացնելու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` նպատակ ունենալով վերսկսելու բանակցութիւնները համապարփակ կարգաւորման շուրջ»,-­ կ՛ըսուի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.