2016-06-03 08:41:00

«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին համար սկսած են դիմումներ ընդունուիլ


«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի մասնակցութեան դիմում ներկայացնելու մեկնարկը տրուած է: Զանոնք կարելի է ներկայացնել 1 Յունիս 2016-9 Սեպտեմբեր՝ www.auroraprize.com կայքին միջոցով:

«Աւրորա» մրցանակը կը փնտռէ պատմութիւնները այնպիսի անհատներու, որոնք կը վտանգեն իրենք զիրենք՝ յանուն դիմացինին օգնելու: Մրցանակը կը տրուի ամէն տարուան 24 Ապրիլին, Երեւանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն անունով՝ իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:

Մրցանակի դափնեկիրին կը տրուի 100 հազար տոլարի պարգեւ, իսկ զայն ներշնչած բարեսիրական կազմակերպութիւններուն՝ 1,000,000 տոլարի դրամաշնորհ ներկայացնելու կարելիութիւն:

Ոեւէ անձ կրնայ առաջադրել իր  թեկնածուն, որ յաղթահարած է մարտահրաւէրներ՝ բացառիկ ազդեցութիւն ձգելով մարդկային կեանքի փրկութեան եւ մարդասիրական հիմնախնդիրներու առաջ-խաղացման վրայ:

«Ինչպէս «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիր Մարգարիտ Պարանքիցէն, ես նոյնպէս ականատես եղած եմ սարսափելի վայրագութիւններու, զորս մարդիկ ընդունակ են իրարու հանդէպ գործելու: Ատիկա ծնունդ կու տայ  խոր երախտագիտութեան զգացումի՝ հանդէպ այն մարդոց, որոնք իրենց անձնական կեանքը կը վտանգեն՝ յանուն իրենց նմանին օգնութեան։  Ահա այսպիսի մարդիկ կը մեծարէ «Աւրորա» մրցանակը», ըսած է մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի համանախագահ Էլի Վիզելը:

Նշենք, որ այս տարուան Ապրիլին «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիրը դարձաւ Պուրունտիի «Խաղաղութեան տան» հիմնադիր Մարգարիտ Պարանքիցէն, որ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն փրկած եւ խնամած է 30,000 երեխաներ, որբեր ու գաղթականներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.